Յունիս 24-27 Թորոնթոյի մէջ կայացած Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութեան տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ ի ներկայութիւն 25 հազար ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին 200 տարբեր երկիրներէ:
Չորեքշաբթի, Յունիս 27-ին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նշեալ կազմակերպութեան՝ Խաղաղութեան յանձնաժողովի համաշխարհային ատենապետ:
Սոյն յանձնաժողովին վստահուած է Ռոթըրիի խաղաղութեան նպաստող բոլոր ծրագիրներն ու գործունէութիւնները, որոնք կը ծաւալուին 200-է աւելի երկիրներու մէջ: Յանձնաժողովին մաս կը կազմեն պատկառելի անձնաւորութիւններ, որոնք համաշխարհային խաղաղութեան ծիրէն ներս ունին իւրայատուկ միջազգային ճանաչում եւ նուիրում:
Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1905-ին Շիքակոյի մէջ եւ ունի մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար անդամներ, 250,000 համալսարանականներ եւ 560,000 երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտներ:
Ընտրութեան յատուկ նիստի ընթացքին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ներկա-յացուց իր ծրագիրը յառաջիկայ տարուան համար, որ արժանացաւ յանձնաժողովի անդամներու խանդավառ վաւերացումին: Սոյն ծրագիրը կը ներառէ Միջին Արեւելեքի խաղաղութեան նպաստող առաջարկներ, միջազգային համագումարներ, երիտասարդական գործունէութիւններ եւ այլ իրականանալի բազմաթիւ ծրագիրներ: