Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

Ստեփանակերտի Մայր Տաճարը Պսակուեցաւ Խաչով

Յունիս 24-ին Ստեփանակերտի Աստուածամօր սբ. Յովանի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ խաչերու եւ զանգերու օրհնման եւ տեղադրման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ: Հարիւրաւոր հաւատացեալներու հետ՝ սպասուած արարողութեան ժամկէտային տասնեակ զինծառայողներ եւս մասնակցած են:

Խաչերու եւ զանգերու օծման արարողութիւնը կատարուած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ եւ թեմի հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Արցախի թեմակալ առաջնորդը օրը աւելի քան խորհրդանշական համարած է. «Խաչը եկեղեցւոյ թագն ու պսակն է, զանգը՝ եկեղեցւոյ լեզուն: Այսօր Ստեփանակերտի Մայր տաճարը պսակ ու լեզու ստացաւ: Սա, յիրաւի, կարեւոր ու սպասուած իրադարձութիւն է»:

Ասիկա սպասուած իրադարձութիւն էր նաեւ հազարաւոր հաւատացեալներու համար: Սիրվարդ Մարգարեանը առանձնապէս յուզուած էր. ամէն առաւօտ, աշխատանքի երթալու ատեն կառուցուող եկեղեցւոյ քովէն կ’անցնէր: «Արդէն 12 տարիէ, կարելի է ըսել, ամէն օր, կը հետեւիմ եկեղեցւոյ շինարարութեան: Իւրաքանչիւր մեթրի բարձրանալը տեսած եմ եւ ուրախացած: Փառք Աստուծոյ, որ արժանացանք այս օրուան»,- եկեղեցւոյ մէջ մոմ վառելէ ետք յուզումը դժուարութեամբ կը զսպէ Սիրվարդ Մարգարեանը:

Թէեւ եկեղեցին դեռ ամբողջութեամբ պատրաստ չէ, այնուհանդերձ, խաչերու եւ զանգերու տեղադրումէն ետք, արդէն կրնայ իր կամարներուն տակ ընդունիլ հաւատացեալները: Այս պահուն Ստեփանակերտը միայն մէկ եկեղեցի ունի՝ Սուրբ Յակոբը, որ իր համեստ տարածքին պատճառով, յատկապէս տօնական օրերուն չի կրնար տեղաւորել բոլոր հաւատացեալները:

Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները արդէն աւարտական փուլի մէջ են: Կը նախատեսուի բարեկարգել շրջակայ տարածքը՝ զայն դարձնելով Ստեփանակերտի համար հերթական զբօսայգին: Խաչերու եւ զանգերու տեղադրումը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ աշխատանքները ժամանակացոյցէն չեն շեղիր: Ստեփանակերտի Աստուածամօր սբ. Յովանի տաճարի օծումը կը կատարուի մի քանի ամիսէն, յառաջիկայ աշնան: Օծման օրը արդէն որոշուած է. Հոկտեմբեր 1-ին կը նախատեսուի երկար սպասուած արարողութիւնը:

            Ստեփանակերտի երկրորդ եկեղեցին պիտի ըլլայ՝ իր տարածքով զգալիօրէն գերազանցելով առաջինին: Նախագիծի հեղինակը Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ միաձուլած է Զուարթնոցի տաճարի եւ Սուրբ Հռիփսիմէի տաճարի իւրայատկութիւնները: Անիի տուֆով կառուցուած Ստեփանակերտի Մայր տաճարի տրամագիծը 30 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 35 մետր:

Տաճարի կառուցման աշխատանքները մեկնարկած են 2006-էն, կառուցման համար մինչեւ այսօր ծախսուած է աւելի քան 3 մլն ամ. տոլար: Եկեղեցին կառուցուած է բարերարներու եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ Նուիրատուները 1000 դրամէն մինչեւ 600 հազար եւ աւելի հանգանակութիւններ կատարած են: Սահմանափակուած չէ եղած նաեւ նուիրատուներու աշխարհագրութիւնը: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, կարելի է ըսել, իրականացուած է աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակութիւններով: Ի դէպ, եկեղեցւոյ խաչերը եւ զանգերը եւս տրամադրուած են բարեգործներու կողմէ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին