Իզմիր ծնած եւ Լոս Անճելըս բնակող անուանի թուրք դերասանուհի Մելթեմ Ճումպուլ անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին զարգացումներուն եւ հայերու հետ իր յարաբերութիւններուն։
Ըստ աղբիւրին լրագրող Կէօքչէ Ալպայրաքի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դերասանուհին նշած է, որ արտերկիր ապրելով մամուլի միջոցով աւելի շատ կը հետեւի Թուրքիոյ ներքին զարգացումներուն, ամէն ինչին աւելի առարկայական կը նայի, երբեմն կը յուսադրուի Թուրքիոյ վիճակով, երբեմն լրիւ կը յուսալքուի։
«Օրինակ՝ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը զիս շատ կոտրեց։ Ես այնտեղ հայերու միջավայրի մէջ կ’ապրիմ։ Դրամատան մէջ զիս սպասարկող աշխատակիցը հայ է։ Ես չէի կրնար անոր դէմքին նայիլ։ Ես Ամերիկայի մէջ գրեթէ մէկ ամիս չմօտեցայ դրամատունը զիս սպասարկող աշխատակիցին։ Ան այնպիսի յատուկ ուշադրութեամբ կը զբաղի իմ գործերով։ Ինծի կը թուէր, թէ ատիկա (Հրանդի սպանութիւնը) ես ըրած եմ։ Եւ այդ պատճառով, երբ մէկ ամիս ետք դրամատուն գացի, ներողութիւն խնդրեցի հայ աշխատակիցէն»,- պատմած է դերասանուհին։
Ճումպուլ նշած է, որ Հրանդի սպանութենէն ետք ԱՄՆ բնակող հայերու վերաբերմունքը տեղի թուրքերուն նկատմամբ որոշակիօրէն վատացած է։ «Բայց ես կը փորձեմ զիս դնել անոնց տեղը, հասկնալ։ Հետեւաբար, այս տեսակէտէն գործս այնտեղ յարաբերութիւները ամրապնդելն է, որ ես ըրած եմ եւ պիտի ընեմ»,- նշած է Ճումպուլ։