Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամի եւ «Հալէպ» հայրենակցակական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութեան շնորհիւ շուրջ երկու ամիսէ «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագիրի ծիրէն ներս մեկնարկած է սուրիահայ երիտասարդ ճարտարապետներու համար անվճար համակարգչային դասընթացքներ:
Հանրաճանաչ 3dMax եւ Photoshop ծրագիրներու դասընթացները պիտի օգնեն երիտասարդ ճարտարապետներուն եւ ձեւաւորողներուն ի կատար ածել իրենց երեւակայութեան համապատասխան պատկերներն ու նախագիծերը, ինչպէս նաեւ նախագծել եւ ձեւաւորել տարատեսակ կառոյցներ: Դասընթացքի աւարտէն ետք մասնակիցներուն պիտի տրուին հաւաստագիրեր:
Դասընթացքները կ’իրականացնէ Skillshop կազմակերպութիւնը, որուն հիմնադիր Արեգ Քեշիշեանը նոյնպէս Հայաստան տեղափոխուած է Սուրիայէն: Ան արդէն տարիներ շարունակ կը դասաւանդէ սուրիահայ եւ տեղաբնակ երիտասարդներու եւ քաջատեղեակ է անոնց հիմնախնդիրներուն եւ կարիքներուն մասին:
Դասընթացի սուրիահայ մասնակից Գարլոսը կ՛ուսանի Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ: Դեռ մանուկ հասակէն կ՛երազէր ճարտարապետ դառնալ: «Համալսարանին մէջ դասընթացները հետաքրքիր են, բայց հիմնականին մէջ տեսական գիտելիքներու տեսքով կը մատուցուին: Ցաւօք ժամանակակից համակարգչային ծրագիրները չեն դասաւանդուիր: «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագիրի ծիրէն ներս 3dMax-ի դասընթացի կը յաճախեմ, որուն դրական ազդեցութիւնն ակնյայտ է»,- նշեց ան:
Դասընթացի մասնակից Սէրլին նոյնպէս կիսուեցաւ դասընթացի մասին իր տպաւորութիւններով: «Միշտ սիրած եմ արուեստը եւ երազած եմ նկարչուհի դառնալ: Այժմ կ՛ուսանիմ ձեւաւորման բաժանմունքին մէջ: Photoshop ծրագիրի առաջին երկու հանդիպումները բարդ էին, սակայն շուտով յարմարեցայ: Այժմ կը սորվինք թէ ինչպէս զանազան պատկերներ համատեղել, փոխել նկարներու գունային կամմաները: Ձեւաւորողի համար այս գիտելիքները շատ օգտակար են»,- նշեց ան:
Յիշեցնենք` «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագիրին նպատակն է սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան ապաստանած սուրիահայ երիտասարդներուն տրամադրել նոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ` նպաստելով անոնց զարգացման եւ հայաստանեան քաղաքացիական կեանքին մէջ ինքնաիրացման: