Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարանի Մանկապարէտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ամավերջի հանդէսները բոլոր կարգի շրջանաւարտներուն պարագային, գերագոյն հաճոյք կը պատճառեն ուսուցչակազմին, ծնողքին, հարազատներուն, բայց, ամէնէն աւելի աշակերտ-շրջանաւարտներուն:

  Գիտակցուած են այդ զգացումները, որովհետեւ դէպի նոր հորիզոններ, հանգրուաններ եւ մասնագիտութիւններ առաջնորդող կարելիութիւններ կը ստեղծեն:

  Բայց ամէնէն աւելի ուրախութիւն ու բախտորոշութիւն կը պարգեւեն մանկապարտէզի շրջանակներուն, այնքան ատեն որ շրջանաւարտները առաջին քայլով մուտք կը գործեն ուսումնական աշխարհ:

  Որոշապէս այդ բարձր տրամադրութեամբ, Շաբաթ, 16 Յունիս 2018-ին Զապէլ Մովսէսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականներու բաշխումը, հովանաւորութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմի կողքին, ծնողներու, հարազատներու, բարեկամներու ու հիւրերու ներկայութեամբ:

  Բոլորին ուրախութիւնը ակնյայտ էր, իսկ բեմայարդարումը (գործ՝ Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեանի) արդէն կը յուշէր օրուան հաւաքին բնորոշելի խորհուրդը:

  Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄ-ի քայլերգերու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ պատասխանատու մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Թալին Մարգարեան, որ բարի գալուստ ու վայելում մաղթեց ներկաներուն,  ապա անդրադարձաւ այն իրագործումներուն եւ յաջողութիւներուն, զորս արձանագրուեցան անցնող կրթաշրջանին:

  Խմբային երգերը՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, իրենց իմաստային յատկանշելի նշանակութիւններով, նաեւ երեխաներու եռանդուն կատարողութիւններով, խանդավառեցին ներկաները «اذا كنت مبسوط اليوم» , «Pretty Colors», «Թիթեռնիկ», «دعسوقة», «Սրինգ», «Thank You»):

  Բողբոջ դասարանի արտասանութիւնները՝ «Հինգ Մատիկներ», (իրենց բարեմասնութիւններով), «عا صوت الحسون» , «My Fingers», տպաւորիչ ազդեցութիւն ձգեցին:

  Կոկոն դասարանի արտասանութիւնները եւս գնահատելի էին, իրենց իմաստային եւ արտայայտչական յատկանիշներով, «Ես Թռչուն եմ», «مدرستي», «My Promise»:

  Ա. պատկերով (Դալար, Գրիգոր, Սերժ, Ճեսիքա, Ալեքս, Կրասիօ, Կապրիէլլա, Րալֆ, Գէորգ) ներկայացուեցան դէպի Հայաստան ճամբորդութեան նախապատրաստութիւնները, հաճելի հաղորդակցութիւններով եւ յարաբերութիւններով:

  Բ. պատկերով (Նարեկ, Թէօ, Քէվըն, Ֆիօրի, Թալիա, ճօն), ներկայացուեցաւ օդակայանը, ելումուտքով, յայտարարութիւններով ու ցուցանակներով, որոնք պերճախօս էին:

  Գ. պատկերով (Մարի Պէլ, Կրասիօ, Կապրիէլլա, Սէրլի), հոյակապ ոճով, պաատառներով ու վահանակներով ցուցադրուեցան Հայաստանեան յիշարժան վայրեր ու պատմական տեսարաններ:

  Յաջորդական պարերը՝ «Ուրախ» (բողբոջ), «Արաբական» (Ծաղիկ՝ աղջիկներ), «Վրացական» (Ծաղիկ՝ տղաք), «Հաճելի» (Կոկոն), «Հայկական» (Ծաղիկ), լաւագոյն արտայայտութիւններով, շարժուձեւերով, նաեւ եռանդով ու ճկունութեամբ ներկայացուեցան եւ ոգեւորեցին ծնողները, իսկ Սէրլի, Ճօն, Թալիա, Մարի Պէլ գողտրկ խօսքերը, մանկական արտասանութիւններով, գրաւիչ ու ծափահարելի էին:

  Եզրափակիչ պարը, մեծ թռիչքով, կատարեցին մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որուն յաջորդեց Տիկ. Օսան Առաքելեանի շնորհակալական խօսքը՝ միութենական, բարեսիրական, խնամակալական, ծնողական եւ այլ մարմիններու, որոնք նպաստած էին մանկապարտէզի ուսումնական գործունէութեան եւ արդիւնաւէտութեան:

  Սրտի խօսք արտասանեց տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, որ գնահատումը կատարելէ ետք արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները, յիշեցուց այս տարուան վերջինը ըլլալը ներկայ դպրոցաշէնքին մէջ, ապա փոխադրութիւնը միացեալ վարժարան (Անթիլիասի միութենապատկան կառոյց)՝ շեշտելով, որ նոյն ոգին ու շունչը պիտի տիրեն հոն, աւելի ճոխ ծրագիրով եւ որակեալ ուսուցմամբ, «Դէպի փայլուն ապագայ» կարգախօսով ու խոստումով:

  Շրջանաւարտներու մուտքը սրահ ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով, իսկ «Մնաք Բարով»-ի արտասանութիւնները, յուզիչ եւ ոգեւորիչ էին միանգամայն, որմէ ետք տեղի ունեցան վկայականներու բաշխում, ձեռամբ՝ կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Արտա Եանըքեանի, տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի եւ պատասխանատու մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Թալին Մարգարեանի, ջերմ ծափողջոյններու տարափին տակ:

  Հրաժեշտի երգով՝ «Մնաս բարով Մանկապարտէզ», հանդէսը վերջ գտաւ լաւատեսութեամբ ու խանդավառութեամբ, նաեւ շնորհաւորութիւններով, յառաջիկային վերատեսնուելու բարի մաղթանքներով:

 

ՀԲԸՄ  ԼԵՒՈՆ Կ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ 
2017 – 2018  ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿ

 

1.  Աշճեան  Դալար

10. Միսիսեան Սէրլի

2. Պարսումեան  Րալֆ-Էնթընի

11. Օհանեան Նարեկ

3. Պետիկեան  Ալեքս         

12.  Րուհանա Ճոն

4. Տապպուք Թէօ

13. Սաճեան Քէվըն

5. Տալտալեան Մարի Պէլ

14. Թերզեան  Ֆիորի

6. Տէքիրմէնճեան Գրիգոր

15. Թորոսեան Կապրիէլլա

7. Հալաճեան Գէորգ

16. Թորոսեան Կրասիօ

8. Իսա Ճեսիքա

17. Երեմեան  Թալիա

9. Գաբրիէլեան Սերժ

 
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին