Արցախի մէջ 2015 թուականի Մարտ 19-ին հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատի ուժեղացուած խումբի յարձակումը հերոսաբար ետ մղած, սակայն վիրաւորուած Գոռ Դարմանեան աշխատանքի անցած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն հաստատեցին, որ Գոռ Դարմանեան կ’աշխատի իրաւաբանական վարչութեան մէջ` որպէս աւագ փորձագէտ:
Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրադեան եւս ֆէյսպուքի իր էջին վրայ անդրադարձած է Գոռի նշանակման` գրելով, որ մօտ մէկ ամիս առաջ նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն այցի ընթացքին կոչ ըրած է , որպէսզի տարբեր կառոյցներ աշխատանքի ընդունեն վիրաւոր տղաներուն:
«Գոռն այն տղաներէն է, որուն համար կարելի է շռայլել ՀԵՐՈՍ կոչումը: Գոռը ջախջախեց թշնամին, յաղթեց առողջական խնդիրներն ու չնայած բազմաթիւ վիրաւորումներու` անցաւ աշխատանքի: Օրինակելի վերաբերմունք հերոս տղաներուն: Նախագահ Արմէն Սարգսեան կ՛ըսէ, որ սա առաջին աշխատատեղն է, պիտի փորձէ այլ վիրաւոր տղաներու ալ աշխատանքի ընդունիլ»,-գրած է Մուրադեան` հերոսին մաղթելով աշխատանքային յաջողութիւններ:
2015 թուականի Մարտ 19-ին` ժամը 08:30-ի սահմաններուն, հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատի ուժեղացուած խումբը յարձակում ձեռնարկած է հիւսիսային (Գիւլիստանի) ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերուն վրայ: Շուրջ երկու ժամ տեւած մարտական գործողութեան արդիւնքով դիրքապահ անձնակազմը եւ օգնութեան հասած ուժերը ստիպած են հակառակորդին մատնուիլ փախուստի, այնուհետեւ հետապնդելով վերջիններուս, ամբողջութեամբ ոչնչացուցած են խումբը` իրենց դիրքերու մատոյցներուն մէջ: Հակառակորդին դիմագրաւելու ժամանակ արիաբար զոհուած են ՊԲ զինծառայողներ Յակոբ Գագիկի Խաչատրեան (1996), Էդուարդ Գագիկի Հայրապետեան (1995) եւ Արշակ Կարէնի Յարութիւնեան (1995), Պաշտպանութեան բանակի եւս 4 զինծառայողներ վիրաւորուած են: Վիրաւորուած զինծառայողներէն Սամուէլ Յակոբեանը Մարտ 26-ին ռազմական հիւանցանոցին մէջ մահացած է: Նշուած օրը վիրաւորում ստացած էր նաեւ Գոռ Դարմանեանը: