Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ախալցխայի Տարեցներուն Եւ Միայնակ Թոշակառուներուն Համար Բարեգործական Ճաշկերոյթ Կազմակերպուեցաւ

Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան նախաձեռնութեամբ Յունիս 25-ին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ տարեց ու միայնակ թոշակառու մարդոց համար։ Ճաշկերոյթին կը մասնակցէր շուրջ 100 հոգի։ Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.Net»-ը։

«Ախալցխա» երգի ու պարի խումբը, հայկական դպրոցի խմբակին հետ միասին, իսկական տօնական երեկոյի վերածեց տարեցներու բարեգործական ճաշկերոյթը։ Ճաշկերոյթին մասնակցող բազմաթիւ հայեր ու վրացիներ իրենց երախտիքի խօսքը յայտնեցին Հայ Առաքելական եկեղեցիին՝ նման հրաշալի ձեռնարկ կազմակերպելու համար։

Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեանի խօսքերով՝ տուեալ նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ եւ պիտի  ներգրաւէ բազմաթիւ նոր մարդիկ անկախ իրենց ազգութենէն ու դաւանանքէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին