Հանրապետութեան նախագահին կողմէ սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուի առաջադրման վերաբերեալ սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուի առաջադրման խորհրդակցական ժամանակաւոր աշխատանքային խումբը յայտարարութիւն տարածած է: Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:
«Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի Յունիս 11-ի ՆԿ-84-Ա կարգադրութեան 2-րդ կէտի 3-րդ ենթակէտի համաձայն՝ մինչեւ Յունիս 29՝ ժամը 18:00, սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուի առաջադրման մասնակցելու նպատակով՝ յաւակնորդները Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ (Երեւան, Մաշտոցի պող. 47) առձեռն կամ ելեկտրոնային փոստով (a.muradyan@president.am) կրնան ներկայացնել սահմանդրութեան 165-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» ՀՀ սահմանադրական օրէնքի 4-րդ յօդուածի 1-ին մասով սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուներուն ներկայացուող պահանջները հաւաստող հետեւեալ փաստաթուղթերը՝
1) դիմումը (ձեւ N1),
2) անձնագիրի կամ նոյնականացման քարտի պատճէնը,
3) միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսանալու փաստը հաւաստող փաստաթուղթ,
4) հայերէնին տիրապետելու վերաբերեալ պահանջի բաւարարումը հաւաստող փաստաթուղթ,
5) իրաւաբանի բարձրագոյն կրթութիւնը հաւաստող փաստաթուղթի պատճէնը,
6) իր կենսագրական տուեալները պարունակող թերթիկ (ձեւ N2-ի),
7) մասնագիտական աշխատանքի առնուազն տասնհինգ տարուան փորձառութիւնը հաւաստող փաստաթուղթ,
8) մասնագիտական բարձր որակները հաւաստող այլ փաստաթուղթեր»: