Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Քաղաքացիներուն Համար Եւրոպական Միութեան Հետ Վիզաներու Ազատականացման Հարցը Կարեւոր է. Մոգերինի

«Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի հարցը քննարկած ենք խորհուրդի նիստին ժամանակ։ Ես գիտեմ, թէ ասիկա որքան կարեւոր է ո՛չ միայն կառավարութեան, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար»,- Պրիւքսէլի մէջ կայացած Հայաստան-ԵՄ խորհուրդի առաջին նիստէն ետք տեղի ունեցած  մամուլի ասուլիսին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ երբ պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացումը, ըսաւ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ֆետերիգա Մոգերինին:

Ըստ Panorama.am-ի՝ յանձնակատարը նշեց, որ քննարկուած է Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած ու գործող մուտքի վիզաներու դիւրացման ու յետընդունման համաձայնագրերու իրականացումը, որ ճարտարագիտական պահանջ է առաջ շարժելու համար։ Այս ճարտարագիտական նախապայմանը այնուհետեւ կրնայ տանիլ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան՝ առանց վիզայի հաստատումը ունենալով իբրեւ վերջնական նպատակ։

Մոգերինի, սակայն, նշեց, որ այս որոշումը կը գտնուի ԵՄ խորհուրդի ձեռքերուն մէջ, որուն համար ալ անհրաժեշտ է ԵՄ խորհուրդին որոշումը։

«Ասիկա այն հարցն է, որ աւելի շատ պէտք է ուղղուի անդամ երկիրներուն, քան՝ ինծի։ Ինչ որ ես կրնամ ըսել այն է, որ վիզաներու դիւրացման ու յետընդունման համաձայնագրերը Հայաստանի հետ կ՝իրականացուի լաւ եւ մշտապէս կան բարելաւման եզրեր, որոնք մենք այսօր քննարկեցինք եւ, ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, ասիկա դրական ոլորտ է մեր համագործակցութեան համար»,- ըսաւ Մոգերինի։

Նշենք, որ  Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարեցին գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը՝ 2017 Նոյեմբեր 24-ին ստորագրուած եւ միջանկեալ կիրառման մէջ մտած 2018 Յունիս 1-ին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) ծիրէն ներս: Խորհուրդը ՀԸԳՀ ծիրէն ներս ստեղծուած բարձրագոյն մարմին է, որ կոչուած է վերահսկելու Համաձայնագրի իրականացումը եւ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Յիշեցնենք նաեւ, որ 2012 Դեկտեմբեր 17-ին, Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ ստորագրուած են վիզաներու դիւրացման, իսկ 2013 Ապրիլ 19-ին, յետընդունման համաձայնագրերը, որոնք ուժի մէջ մտած են 2014 Յունուար 1-ին: Վիզաներու դիւրացման համաձայնագրով ԵՄ երկիրներ պարզեցուած մուտք կը նախատեսուի ՀՀ շարք մը խումբերու քաղաքացիներու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին