Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Հայաստանը Ստանձնած Է ՍԾՏՀ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահութիւնը

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Տիրանայի մէջ աւարտած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 51-րդ նստաշրջանի աշխատանքը, որուն մասնակցած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Նստաշրջանի աւարտին Ալպանիայէն կառոյցի նախագահութիւնը փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան: Խորհրդանշական մուրճը յանձնուած է պատուիրակութեան ղեկավարին:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան կը կազմեն ՍԾՏՀ ԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Մինասեանը, Գէորգ Գորգիսեանը եւ Վահէ Էնֆիաճեանը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին