Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ախալցխայի Սբ. Գր. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը Կարիքաւորներու Համար Քաղցրաւենիք Պատրաստած Է

Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը՝ նախաձեռնութեամբ միութեան նախագահ երէցկին Անահիտ Վարդանեանի եւ օրհնութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ․ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի, Յունիս 20-ին այցելեց Ախալցխայի քաղաքապետարանի բարեգործական ճաշարան։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ճաշարանը օրական մէկ անգամ սնունդ կը տրամադրէ ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն։

Տիկնանց միութեան այցին նպատակն էր մասնակից ըլլալ քաղաքապետարանի աստուածահաճոյ առաքելութեան եւ ճաշարանէն օգտուողներու օրը լեցնել քաղցրութեամբ։

Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, Տիկնանց միութեան իւրաքանչիւր անդամ իր նախընտրութեան համաձայն պատրաստած էր քաղցրաւենիքներ, թխուածքներ, գաթաներ, չէորէկներ եւ այլն։

Քաղաքապետարանի շէնքին մօտ, Տիկնանց միութեան դիմաւորեցին քաղաքապետի տեղակալ Ռուբէն Կարապետեանը, քաղաքապետարանի պատգամաւոր, հասարակական, բժշկական, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական կոմիտէի նախագահ՝ Համբարձում Բաբոյեանը եւ ճաշարանի տնօրէն Վեռա Բարձիմաձէն։

Կանայք իրենց պատրաստած քաղցրաւենիքները յանձնեցին ճաշարանի խոհարարներուն, որոնք զանոնք բաժնեցին ճաշարան այցելող իւրաքանչիւր կարիքաւոր մարդու։

Բարեգործական ճաշարանի անձնակազմը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ախալցխայի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, յանձինս երեցկին Անահիտ Վարդանեանի գեղեցիկ եւ միեւնոյն ժամանակ քաղցր նախաձեռնութեան համար։

Տիկնանց միութիւնը, իր հերթին, խոստացաւ, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին