Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Խմբագրատանս մէջ – Թերթիս Բարեկամ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին Հետ

«Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ առիթը ունեցանք ուրախութեամբ դիմաւորելու թերթիս բարեկամ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:

Ինչպէս շատերուն ծանօթ է, դոկտ. Ճէպէճեան ընդհանուր քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան:

Ան մասնակցած է շատ մը ազգային, միջազգային եւ միջեկեղեցական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ` կրօնական, սուրբ գրային, ազգային, մշակութային եւ միջին արեւելեան քրիստոնէական ներկայութեան մասին։ 2010-ին ան հրատարակեց իր առաջին հատորը` «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», ուր ամփոփուած էին անոր 30 տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն։ 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայականը Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն` Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ։ Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով։

Դոկտ. Ճէպէճեանի այցելութեան նպատակը իր նոր գիրքը՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս, որ Տեսայ» մեզի նուիրելն է իր մակագրութեամբ:

Հաստափոր եւ բովանդակալից այս գիրքը սիրով ընդունեցինք, որուն պարունակութիւնը նոր պատուհաններ պիտի բանայ սփիւռքահայ կեանքի լաւ ծանօթացման գործընթացին ճամբուն վրայ:

Ինչպէս գիրքին խմբակրական խօսքն ալ կը վկայէ, անոր մէջ ներկայացուածը Դոկտ. Ճէպէճեանի՝ 2011-էն մինչեւ 2017 տարիներուն գրուած ազգագրական յօդուածներն են, որոնք ժամանակագրականօրէն ներկայացուած են ընթերցողին, որպէս լաւագոյն վկան անոր առողջ տեսլականին, բացառիկ եռանդին, խիզախ վերլուծումներուն, հասուն մտածելակերպին եւ հաստատ հաւատքին անցեալ եօթը տարիներուն ընթացքին` միշտ առաջնակարգ դասելով հայուն փշոտ, բայց անսակարկելի ինքնութեան գոյապայքարի ճանապարհը։

Նշենք, որ Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին շնորհանդէսը պիտի կայանայ «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ:

«Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին