Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարները Յունիս 22-ին հանդիպում պիտի ունենան Կիպրոսի մէջ։ Նախարարները պիտի քննարկեն տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման, ծովային եւ ուժանիւթի անվտանգութեան խթանման հարցերը։ Կողմերը նախապէս համաձայնած էին նաեւ բնական կազի հարցով համագործակցելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am»-ը։
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Գամմենոսը եւ անոր իսրայէլցի պաշտօնակից Աւիկտոր Լիպերմանը պիտի այցելեն Կիպրոս։ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւուաս Անկելիտաս նշած է, որ եռակողմ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմական համագործակցութեան խորացման, անվտանգութեան եւ որոնողա-փրկարարական աշխատանքներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Նախարարը ընդգծած է, որ իրենք եռակողմ հանդիպման մեծ կարեւորութիւն կու տան, քանի որ անիկա կ’ընդգրկէ ողջ միջերկրածովեան տարածաշրջանին վերաբերող անվտանգութեան հարցեր։
Թեմային անդրադարձած թրքական լրատուամիջոցները Յունաստանի, Իսրայէլի եւ Կիպրոսի այս նախաձեռնութիւնը որակած են իբրեւ հակաթրքական քայլ։