Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Անվտանգութեան Մարտահրաւէրները Հայաստանի Համար Կը Շարունակեն Մնալ Առաջնային. Շարմազանով

ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով Յունիս 20-ին Տիրանայի մէջ հանդիպում ունեցած է Սեւծովեան տնտեսական համակագործակցութեան խորհրդանական վեհաժողովին մէջ (ՍԾՏՀ ԽՎ) Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Միխայիլ Եմիլիանովի հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Կողմերը կարեւորած են հայ-ռուսական դարաւոր յարաբերութիւններու ռազմավարական դաշնակցային բնոյթը եւ զանոնք զարգացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած: Ընդգծուած է, որ երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները համագործակցութեան արդիւնաւէտ փորձ ունին միջխորհրդարանական կառոյցներու մէջ: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանը եւ Ռուսաստանը պէտք է աւելի սերտ համագործակցին խորհրդարանական հարթակներու վրայ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ երկկողմ համագործակցութեան: «Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը կրեն դաշնակցային բնոյթ: Մենք՝ խորհրդարանականներս, պէտք է նպաստենք դաշնակցային յարաբերութիւններու խորացման բոլոր ոլորտներուն մէջ»,-ընդգծած է Էդուարդ Շարմազանովը:

Ան կարծիք յայտնած է, որ անվտանգութեան մարտահրաւէրները Հայաստանի համար կը շարունակեն մնալ առաջնային եւ այդ առումով ՀՀ անդամակցումը ՀԱՊԿ-ին այլընտրանք չունի ու կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն:

Խօսելով ՍԾՏՀ ԽՎ աշխատանքներուն մասին՝ Էդուարդ Շարմազանովը համոզում յայտնած է, որ կառոյցը պէտք է հաւատարիմ մնայ իր տնտեսական ուղղուածութեան եւ չծառայէ որոշ պետութիւններու քաղաքական շահերուն: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին