Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Գործեն Իրենց Սեփական Ժողովուրդին Դէմ. Ալեքսանդր Լափշին

*ԱՆԱՀԻՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ*

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հակաօրինական են, որոնք կը գործեն իրենց սեփական ժողովուրդին դէմ: Այս մասին Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյց ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի էջատէր Ալեքսանդր Լափշինը:

Ան յիշեցուց, որ ինքը Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: «Սթրասպուրկի դատարանէն ներս մենք Ազրպէյճանը կը մեղադրենք Պաքուի բանտին մէջ ինծի դէմ մահափորձ իրականացնելու մէջ: Մօտս են Իսրայէլի դատաբժշկական փորձաքննութեան բոլոր փաստաթուղթերը, ուր կ’ըսուի, թէ Պաքուի դատարանին մէջ ինծի դէմ մահափորձ իրականացուած է, որ հետագային փորձ կատարուած է զայն ներկայացնել որպէս ինքնասպանութեան փորձ: Միաժամանակ անիկա եղած է անգրագէտ ձեւով»,- նկատեց Լափշինը: Ան տեղեկացուց, որ ուրիշ հարց մըն ալ ներկայացուած է Նիւ Եորքի Պրուքլինի դատարանին մէջ. այդ հարցը հիմնուած կ’ըլլայ Սթրասպուրկի դատարանի որոշումին վրայ:

Էջատէրը ԱՄՆ-ի մէջ շարք մը հանդիպումներ կ’իրականացնէ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, լրագրողներու հետ: «Կը կարծեմ, որ այս ամէնը օգտաբեր է նոյնինքն Ազրպէյճանի համար, քանի որ այդտեղ իշխանութիւնը հակաօրինական է եւ առաջին հերթին կը գործէ իր սեփական ժողովուրդին դէմ, որ լրիւ անմեղ է: Բացի այդ, անիկա օգտաբեր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որ պէտք չէ գերի ըլլայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն կամ Պաքուի նաւթին»,- ըսաւ էջատէրը:

Ան ներկայիս ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Վրաստան: Այն հարցին, թէ արդեօք չի՞ վախնար իր եւ ընտանիքի կեանքին համար՝ հաշուի առնելով Վրաստանի մէջ ազրպէյճանական մեծ համայնքի, կազմակերպութիւններու առկայութիւնը՝ Լափշինը պատասխանած է. «Ազրպէյճանը, անկասկած, մեծ ազդեցութիւն ունի Վրաստանի վրայ, այդ երկրի գլխաւոր ներդրողներէն է, Վրաստանէն կ’անցնի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղը: Այդ երկրին մեծ ազրպէյճանական համայնք կայ, սակայն չեմ կարծեր, որ այդտեղ իմ կեանքս աւելի մեծ վտանգի տակ է, քան մէկ ուրիշ երկրի մէջ: Ազրպէյճանի ռեժիմը մարդիկ կը սպաննէ թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ ԱՄՆ-ի մէջ: Այսինքն, եթէ իրենք մտադրեն սպաննել զիս, ապա ես ամէնուր կրնամ ըլլամ, նոյնիսկ Արժանթին: Այլ հարց է, որ չեմ կարծեր, թէ այդ երկրի հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ եմ, քանի որ երկիրը առանց անոր ալ ներկայիս միջազգային ոչ լաւ իրադրութեան կիզակէտին յայտնուած է «ազրպէյճանական լուացքատան»  հետ կապուած փողերու լուացման, ԼՂ չկարգաւորուած հիմնախնդիրի, խաւիարային դիւանագիտութեան պատճառով: Կը կարծեմ, որ անոնց հետաքրքրութիւններէն դուրս է մէկ գայթակղութիւն եւս ունենալ իմ սպանութեանս հետ կապուած: Ի հարկէ, այստեղ մէկ այլ վտանգ ալ կայ: Քանի որ Ալիեւի իշխանութիւնը կայուն չէ եւ թերեւս վերջին տարիները կ’ապրի, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, կառավարութեան մէջ ըլլան մարդիկ, որոնք կրնան իմ վրաս յարձակում իրականացնել՝ հետագային այդ մէկը Ալիեւի դէմ որպէս փոխզիջում օգտագործելու նպատակով»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին