Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ընտրական Բարեփոխումները Պէտք Է Իրականացուին Քաղաքական Համաձայնութեամբ Եւ Միջազգային Սկզբունքներուն Համապատասխան. Աշոտեան

ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յաձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը Յունիս 20-ին հանդիպած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւոր, դիմում-բողոքներու յանձնաժողովի անդամ Կերօ Շթորիոհանի հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Ազգային ժողովին մէջ ողջունելով հիւրին` Արմէն Աշոտեանը կարեւորած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները, անոնց զարգացման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերու միջեւ համագործակցութեան աշխուժացումը:

Զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական հատուածին: Այս թեմայի ծիրին մէջ Արմէն Աշոտեան ընդգծած է, որ յարաբերութիւնները Եւրոպական միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի անկիւնաքարերէն մէկն է:

Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայանագիրի ծիրէն ներս փոխգործակցութեան արդիւնաւէտ իրականացման առնչութեամբ Արմէն Աշոտեանը նշած է, որ Հայաստանը լիայոյս եւրոպական կողմի վերջնական վաւերացումը ստանալու կապակցութեամբ մինչեւ Եւրոպական խորհրդարանի 2019-ի ընտրութիւնները:

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման հետ կապուած Արմէն Աշոտեան յոյս յայտնած է, որ գործընթացը կ’իրականացուի հնարաւորինս արագ:

Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն, գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:  «Ընտրական բարեփոխումները պէտք է իրականացուին քաղաքական համաձայնութեամբ, հանրային ներգրաւուածութեամբ եւ բացառապէս միջազգային սկզբունքներուն, մասնաւորապէս Վենետիկի յանձնաժողովին ու ԵԱՀԿ/ ԺՀՄԻԳ-ի առաջարկներուն հիման վրայ»,- նշած է Արմէն Աշոտեանը:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են նաեւ խորհրդարանական վերահսկողութեան համակարգերու արդիւնաւէտ կիրարկման շուրջ: Կարեւորուած է եւրոպական փորձի ուսումնասիրութիւնը եւ ըստ համապատասխանութեան` փորձի կիրարկումը:

Գերմանացի պատգամաւորը յոյս յայտնած է հանդիպիլ Արմէն Աշոտեանին աշնան Գերմանիոյ Պունտեսթակի մէջ՝ որպէս հայ-գերմանական միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարի` քննարկելու համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտներու բազմաթիւ այլ հարցեր: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին