*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի երէց աշխատակից
Աշակերտն Ու Տնօրէնը՝ Դատի՞ Մէջ…
Ուիսքանսըն նահանգի Մարքըսմըն քաղաքի երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն մին՝ 15 տարեկան Մէթհիու Շունէքըր, իր տնօրէնին դէմ դատ բացած է, որովհետեւ զինք արգիլած է զէնքերով զարդարուած (տես նկարը) իր սիրած շապիկը հագնիլ։ Երբ Մէթհիու չէ հնազանդած տնօրէնի հրահանգին, ան պատժուած է երկու օրուան մեկուսացումով, յատուկ խցիկի մը (cubicle) մէջ։
Մէթհիու Շունէքըրի ծնողքը արդար չի նկատեր այս արգելքը, որովետեւ դպրոցական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր ան կը հագներ վերոյիշեալ շապիկը եւ միայն Փետրուար ամսուն է, որ տղուն արգիլած են զայն։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ Փետրուար 17-ին Ֆլորիտա նահանգի Փարքլէնտ քաղաքի Սթոնմէն-Տակլըս երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հրացանաձգութիւնը պատճառ դարձաւ 15 աշակերտի եւ 2 ուսուցիչի մահուան։ Այդ հրացանաձգութեան կասկածելին դպրոցի աշակերտներէն մին էր, որ հիմա կալանքի տակ կը գտնուի։
Իսկ Ճան Մընրօ՝ աշակերտին փաստաբանը, կը պնդէ, որ տնօրէնին ըրածը հակասական է սահմանադրութեամբ՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի շնորհուած, խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան։ Այսինքն՝ աշակերտը ազատ է հագնելու այն ինչ որ իրեն հաճելի է եւ իր հաւատամքին հետ զուգահեռ կ’ընթանայ . . .
Գալով Մէթհիու Շունէքըրի մօր արդարացումին՝ ան կ’ըսէ, թէ շապիկի նկարը թէեւ զէնքերով զարդարուած է, սակայն երբ կարդաք, պիտի տեսնէք թէ սէր (love) կ’արտայայտէ ան եւ ոչ թէ բռնութիւն (violence), որուն համար տնօրէնը կը գանգատէր։
Մայրը, աւելի առաջ երթալով, ըսած է, թէ հրացանաձգութիւնը իրենց ընտանեկան զբօսման (hobby) նախընտրած ժանրն է։ Իսկ ընտանիքին փաստաբանը դիտել տուած է որ անոնց հետապնդածը նիւթական հատուցում չէ, այլ՝ այդ շապիկով դպրոց յաճախելը եւ վերջ։
Խուլ Շուներու Ոդիսականը . . .
Շիտակը խօսելով՝ ես չէի գիտեր, թէ կենդանիներն ալ կրնան խուլ ըլլալ, բայց այդպէս է եղեր… Ուրեմն անցնինք մեր նիւթին։
Մենք գիտենք, որ շուներու զօրաւորագոյն զգայարանքները հոտառութիւնն ու լսողութիւնն են։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ շուները կորսնցնեն իրենց լսողութիւնը։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ անոնք կը դատապարտուին կենդանիներու յատուկ պատսպարաններու մէջ մնալու։ Որովհետեւ ո՞վ պիտի ուզէ որդեգրել զանոնք։
Բայց կ’իմանանք, որ խուլ շուները կրնան սորվիլ նշանաբան (sign language) եւ ձեւերով հասկնալ՝ իրենց տրուած հրահանքները։ Այդ հրահանքները կը բաղկանան հետեւեալ հիմնական ցուցմունքներէն՝ «նստիր», «կեցիր», «եկուր», «գնա» եւ այլն։
Սակայն, ըստ Քրիսթինա Լիի, որ հիմնադիրն է «Խուլ Շուները կը Ցնցեն» (Deaf Dogs Rock) ընկերակցութեան, անոնք պէտք է սորվին նաեւ «դիտէ զիս» եւ «Լաւ շուն» հրահանգները (տես նկարը)։
Քրիսթինա կը թելադրէ, որ խուլ շունը նախ պէտք է սորվի «դիտէ զիս» հրահանգը, որմէ ետք ան կրնայ սորվիլ միւս հրահանգները, քանի տիրոջ դիտելով է, որ պիտի սորվի ան։ Իսկ շունը կրթելու համար պէտք է ընտրուի վայր մը, որ հեռու է աղմուկէ եւ պէտք է կրկնուի օրը երեք անգամ՝ 10-15 վայրկեան ժամանակամիջոցով։
Քրիսթինա դիտել կու տայ նաեւ, որ շունի կրթութեան լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար պէտք է ամէն անգամ որ ան լաւ կատարէ իր գործը, գնահատուի իրեն հարմար ուտելիքով մը։
Հիմա եկէ՛ք, ինծի համոզեցէ՛ք, թէ ինչո՛ւ շուն որդեգրող մը պիտի ընտրէ խուլ շունը եւ չափէն աւելի դժուարութիւններէ անցնի՝ զինք կրթել կարենալու համար, երբ անդին կրնայ շատ հեշտութեամբ լսողութիւնը անթերի շուն մը որդեգրել եւ վերջ։ Մենք խաղող պիտի ուտենք, թէ այգեպան ծեծենք…