Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ գրող եւ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան: Բանաստեղծը «Արմռատիօ»-ի թղթակիցին յայտնած է, որ ոգեւորուած է Հայաստանի նոր սերունդով: Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին ան իր ծննդեան օրը նշած է Վանաձորի մէջ ու հիացած Լոռիի բնութեամբ ու մարդոցմով:
«Ծնունդս երէկ նշած եմ Վանաձորի մէջ, ապա գացած Հաղպատ: Մարդիկ շատ ջերմ կ’ընդունէին զիս, բոլորը կարկանդակ կ’Առաջարկէին: Տարեդարձս երկու կարկանդակով նշած ենք, ասիկա իմ ծննդեանս լաւագոյն օրն էր»,- հարցազրոյցին ընթացքին խոստովանած է ամերիկահայ գրողը։
Յիշեցնենք, որ «Օզոնի Հանդէս» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար 2016-ին Փիթըր Պալաքեան արժանացաւ «Փուլիցըր» մրցանակին, «Բանաստեղծութիւն» անուանակարգին մէջ:
Նշենք, թէ «Օզոնի Հանդէսը» ժողովածուին հայերէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի Հայաստանի մէջ: