Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Յունոտի Կիրճի Հրաշալիքները Աւելի Հասանելի Դարձան Զբօսաշրջիկներուն

Յունոտի կիրճը յայտնի է իբրեւ արցախցիներուն ու Արցախ ժամանած հիւրերու, զբօսաշրջիկներու կողմէ սիրուած վայր: Յունոտի կիրճին մէջ գտնուող «Զոնտիկներ» (հովանոցներ) կոչուող իւրօրինակ տեսարժան վայր հասնիլը այսուհետեւ կարելի է աւելի կարճ, բարեկարգ ու ապահով արահետով: Ըստ «Ապառաժ»-ի՝ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Հայ լեռնագնացներու միութեան (Armenian hikes association) համագործակցութեամբ ոչ միայն բարեկարգուած է արահետը, այլ նաեւ կառուցուած է փայտէ ապահով կամուրջ՝ գետը անցանելի դարձնելու համար:

Նշենք, որ կամուրջի բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Յունիսին:

«Հայ լեռնագնացներու միութեան (Armenian hikes association) հետ իրականացուող համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: Անոր արդիւնքով՝ Արցախի  հրաշալի բնութիւնն ու տեսարժան վայրերը աւելի հասանելի պիտի դառնան զբօսաշրջիկներուն: Յունոտի կիրճ տանող արահետի բարեկարգումը այս ծրագիրին  յաջող մեկնարկն է»,- նշեց բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուող նախարար Սերգէյ Շահուերդեան:

Բարեկարգման գաղափարը ծագած է անցեալ տարի, երբ Թելմա Ալթուն Արցախ կը գտնուէր: Արշաւին ընթացքին, հասնելով Յունոտի կիրճ, ան խոստացաւ, որ կամուրջներու հարցը պիտի լուծուի:

«Առաջին կամուրջը արդէն պատրաստ է: Կը ծրագրենք Շուշիէն մինչեւ Քարին տակ հատուածին վրայ երեք կամուրջ կառուցել: Բացի այդ, ծայրէ-ծայր բարելաւուած է ամբողջ արահետը, դժուարանցանելի հատուածները փոխուած են, կառուցուած են նոր արահետներ»,- հպարտութեամբ յատնեց Հայ լեռնագնացներու միութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Գասպարեան:

Յայտնենք, թէ երկրորդ փայտէ կամուրջի շինարարութիւնը պիտի սկսի Յուլիսին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին