Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

«ԵՐԵՒԱՆ 2800. Հազարամեակներու Մայրաքաղաք» Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը Նաեւ Աշտարակի Մէջ

Երեւանի 2800-ամեակի առիթով Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Երեւան քաղաքի պատմութեան եւ «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց թանգարանները ծրագրած են լուսանկարներու շրջիկ ցուցահանդէսներ Սփիւռքի հայկական համայնքներու, Ստեփանակերտի եւ ՀՀ մարզերու մէջ: Մայրաքաղաքի յոբելեանին նուիրուած անդրանիկ ցուցահանդէսը «Երեւանը երեք հանրապետութիւններու մայրաքաղաք» խորագրով, 2018-ի Մարտ 20-ին բացուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:

Ցուցահանդէսի յաջորդ կանգառը ՀՀ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքն է:

Ցուցահանդէսի մէջ ներկայացուած են լուսանկարներ, ուր պատկերուած է Երեւանը 19-րդ դարու վերջերուն-20-րդ դարու սկիզբը: Անոնց հեղինակներն են յայտնի լուսանկարիչներ Վրոյր Կրտսերը, Յովհաննէս Թարուերդեանցը, Գրիգոր Մելիք-Դադայեանը եւ ուրիշներ:

Լուսանկարներու միւս շարքը կը ներկայացնէ խորհրդային եւ ժամանակակից Երեւանը:

«Երեւան 2800. հազարամեակներու մայրաքաղաք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կու տայ ճանապարհորդել ժամանակի մէջ, ըլլալ հին Երեւանի գողտրիկ ու նեղ փողոցներու, թաղերու մէջ, տեսնել քաղաքի կառուցապատումը 20-րդ դարուն եւ ներկայիս Երեւանը իր կոթողային կառոյցներով:

Ցուցահանդէսի բացումը կը կայանայ Աշտարակ քաղաքի Մշակոյթի տան մէջ, Յունիսի 19-ին, ժամը՝ 17:00-ին, եւ կը գործէ մինչեւ Յունիս 29-ը:

Կազմակերպիչներ՝
Երեւանի քաղաքապետարան
Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան
Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան
Համագործակցող կողմ՝
Աշտարակի քաղաքապետարան
Արագածոտնի մարզպետարան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին