Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշում կայացուցած է բաւարարելու ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի միջնորդութիւնը՝ Ազգային ժողովի պատգմաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Մանուէլ Գրիգորեանը կալանքի տակ պիտի մնայ երկու ամիս:
ՀՀ Ազգային ժողովը Յունիս 19-ին արտահերթ նիստի օրակարգի ժամանակ քննարկած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զինք ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու ՀՀ գլխաւոր դատախազի միջնորդութիւնները: Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ երկու միջնորդութիւններուն ալ խորհրդարանը տուած է իր համաձայնութիւնը:
Հիմք ընդունելով ԱԺ կայացուած որոշումները՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի կողմէ նախաքննութիւնը իրականացնող մարմինին արդէն յանձնարարուած է Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ յարուցել քրէական հետապնդում, ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան միասնական վարոյթին մէջ քննուող 3 քրէական գործերու ծիրէն ներս զինք ներգրաւելու իբրեւ մեղադրեալ, առաջադրելու մեղադրանք, ինչպէս նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւն ներկայացնել Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան:
Վերոնշեալ քրէական գործերով ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութիւնը հիմք կու տայ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին մեղադրանք առաջադրելու ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ պահելու համար, ինչպէս նաեւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման եղանակով իր վստահութեանը յանձնուած առանձնապէս խոշոր չափերով ուրիշի գոյք յափշտակելու համար: