Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Յունիս 16-ին այցելած է Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարակազմի կայան, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն: Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է բանակաշինութեան ընթացիկ խնդիրներուն մասին: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ հակառակորդը զսպելու անհրաժեշտ համակարգերու կատարելագործման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կիրակի, օր Յունիս 16-ին մեկնած է Արցախի Հանրապետութիւն:
Ասիկա ՀՀ վարչապետ ընտրուելէ ետք Փաշինեանի երկրորդ այցն է արդէն Արցախի Հանրապետութիւն: Առաջին անգամ ան մեկնած էր Մայիս 9-ին ու հանդիպում ունեցած նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: