Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Մանուէլ Գրիգորեանը Եւ Տոն Փիփօն Ձերբակալուած Են․ ԱԱԾ-ն Մանրամասնութիւններ Կը Ներկայացնէ Էջմիածնի Մէջ Կատարուած Գործողութիւններէն

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները յանցանքի դէմ պայքարին ուղղուած իրենց գործառոյթներու իրականացման ծիրէն ներս 2018-ի Յունիս 16-ին  Էջմիածին քաղաքին մէջ քրէական երկու տարբեր գործերով միաժամանակ իրականացուցած են խուզարկութիւններ, որոնց արդիւնքով յայտնաբերուած է ապօրինի պահուող մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ քննուող «Տոն Փիփօ» մականունով Արթուր Ասատրեանի կողմէ իր դէմ սպանութիւն նախապատրաստող անձանց հաւանական առեւանգումի փաստին առթիւ քննուող քրէական գործով խուզարկութիւններ իրականացուած են Արթուր Ասատրեանի պատկանող առանձնատունէն ներս, կից շինութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ տարածքներու մէջ, ինչի արդիւնքով յայտնաբերուած է ապօրինի պահուող զէնք եւ ռազմամթերք: Արթուր Ասատրեանը բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 131-րդ յօդուածի 1-ին, 2-րդ, 3-րդ եւ 6-րդ կէտերով  («Խումբ մը անհատներու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ, առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով, զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաներու գործադրումով, երեք անձի առեւանգումը») եւ 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («Խումբ  մը անհատներու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի կերպով ձեռք բերելն ու պահելը») նախատեսուած յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով: Նոյն քրէական գործով ձերբակալուած են եւս 4 անձինք, որոնք կը հանդիսանան ՌԴ քաղաքացիներ:

ՀՀ ԱԱԾ կողմէ իրականացուած ռազմավարա-հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով եղած են տուեալներ, որ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ԵԿՄ նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով ձեռք բերած զէնք ու ռազմամթերք կը պահէ:

Դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է  քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով: Գործի ծիրէն ներս խուզարկութիւններ իրականացուած են Մանուէլ Գրիգորեանի տունը, ամառանոցին եւ անոր պատկանող այլ տարածքներու մէջ: Յայտնաբերուած է ապօրինի կերպով  պահուող մեծ թիւով զէնք եւ ռազմամթերք:

ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («Խումբ մը անհատներու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի կերպով ձեռք բերելն ու պահելը») նախատեսուած յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով, ԱԺ պատգամաւորի ազատազրկման իրադրութիւնը ներկայացուած է ՀՀ ԱԺ նախագահին:

Քրէական գործերու նախաքննութեան ընթացքի եւ արդիւնքներուն մասին յառաջիկային մանրամասն տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին