Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Համացանցի Վրայ Այսօր – «Արի Տուն»-ը Կը Շարունակուի «Նորաթուխներ»-ու «Անդուխ» Քայլով

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Որքան կարեւոր է նոր կառավարութեան եւ անդամներուն տալ պէտք եղած առիթն ու պատշաճ ժամանակամիջոցը իրենց գործը ցոյց տալու ժողովուրդին, նոյնքան կարեւոր է հետեւիլ անոնց քայլերուն շինիչ քննադատութիւններով լաւագոյն արդիւնքի յանգեցնելու իրենց աշխատանքը:

Այս տրամաբանութեամբ տեղ կու տանք մեր գործընկերոջ հետեւեալ գրութեան՝ մեր կողմէ ալ աւելցնելով, որ, մեր կարգին, մենք ալ անճիշդ բան կը տեսնենք ամէն գնով եւ ծիծաղելի ըլլալու աստիճան նախկինը սեւցնելով ինքզինք հաստատելու փորձերը, երբ կարելի է անձնական արժանիքներով հաստատուիլ:

Կը մնայ մատնանշել, որ նշեալ ծանուցումը ունէր նաեւ կարեւոր բացթողում: Աւելի առաջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը պահուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարը նշած էր, որ ծրագիրը կը մեկնարկէ Օգոստոս 9-ին ԿԱՄ Օգոստոս 10-ին: Նման ԿԱՄեր կը պարունակէր նաեւ սկզբունքով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութիւնը ունեցող Լրագրողներու Համահայկական 9րդ Համաժողովի ծրագիրը, որուն առաջին տարբերակը լեցուն էր տեսակցութիւններու նման անվստահ ժամադրութիւններով կարգ մը նախարարութիւններու հետ, որոնք ԿԱՄով նշուած էին:

Մեծահասակ լրագրողներու պարագային, շփոթեցուցիչ ըլլալով հանդերձ, եթէ որոշ չափով հանդուրժելի էր այս պարագան, իր 13 տարեկան զաւակը մղոններ անդին ղրկել ծրագրող սփիւռքահայ ծնողքի մը համար, վստահութիւն ներշնչող լաւ չափանիշ չէ նման ԿԱՄերով առաջնորդուիլ, նամանաւանդ, որ այս մէկը կազմակերպչական մակարդակին մասին, ինչ որ սխալ գաղափար կրնայ տալ:

Այս նկատողութիւնը, անշո՛ւշտ, կը բխի մեր նախանձախնդրութիւններէն նման ծրագիրներու անխափան շարունակութեան համար, որուն յաջողութեան համար մենք ձեռք կ’երկարենք թէ՛ ՀՀ նոր կառավարութեան եւ թէ՛ պատկան նախարարութիւններուն

«Խմբ.»


 ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Մայիս 30-ին կայացած լրագրողներու 9-րդ համաժողովին «Արի Տուն» ծրագրի մասին իր կարծիքը յայտնեց՝ ըսելով, որ անիկա աւելորդ ծրագիր է, որովհետեւ կան այլ կառոյցներ, որոնք նմանատիպ շատ ծրագիրներ կ’իրականացնեն։

Վերջինս Յունիս 12-ին «aysor.am»-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ լրագրողի այն հարցին թէ, ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած է Սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարիներուն ընթացքին, պատասխանած է. «Այս տարիներուն ընթացքին զբաղած է մետալներով, փառատօններով ու զբօսաշրջութեամբ: Իսկ մեր պատկերացումով՝ Սփիւռքը առաւել կարեւոր դեր ունի ու այդ ներուժը պէտք է կարենանք շատ աւելի ճիշդ ու համապարփակ օգտագործել: Անիկա պէտք է ըլլայ ե՛ւ ի նպաստ Հայաստանի զարգացման, ե՛ւ յօգուտ դուրսի հայկական համայնքներուն: Պէտք է կարենանք Սփիւռքը ներգրաւել Հայաստանի աշխատանքներուն մէջ՝ միաժամանակ որոշ չափով աջակցելով ու օժանդակելով իրենց, յատկապէս հայապահպանութեան հարցով:  Այսպէս ըսած, թիկունք կանգնինք անոնց»:

Այս պատասխանը կը վկայէ, որ փոխնախարարը բացարձակապէս չէ ուսումնասիրած նախարարութեան ծրագիրներն ու գործունէութիւնը կամ կ’ուղղորդուի «անցեալէն եկած ամէն ինչը վատ է եւ պէտք է ջնջել» սկզբունքով։

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Օգոստոս 10-24,  ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 13-21 տարեկան  սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կ’իրականացուին հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացքներ եւ կը կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր:

Մասնակիցներու գիշերակացը կ’ապահովուի հիւրընկալ ընտանիքներուն մօտ, վերջին չորս օրը` ճամբարի մէջ:

Մասնակցութեան յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը Յունիս 30-ն է:

Այս յայտարարութիւնը կ’ազդարարէ «Արի Տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրներու մէկտեղուած մեկնարկի մասին, պարզապէս «Արի» բառը փոխարինուած է «քայլ դէպի» բառերով։ Հիմք ընդունելով յայտարարութիւնը՝ ծրագիրը բովանդակային իմաստով որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած, իսկ յետաձգուելով անորուշութեան մատնեց բոլոր անոնց, որոնք տոմս առած ու պատրաստուած էին ծրագրին մասնակցիլ Յունիսին եւ Յուլիսին։

Հիմք ընդունելով այս բոլորը՝ պարզուեցաւ, որ «նորաթուխներ»-ը «դուխ» չունեցան ըսելու, թէ ծրագիրները կը շարունակուի՝ պարզապէս փոխուած անունով։

Համերաշխութիւն յայտարարած կառավարութեան ներկայացուցիչները պէտք է ազնիւ ըլլան եւ ճիշդ գնահատականներ տան անցեալի ե՛ւ վատ ե՛ւ լաւ ծրագիրներուն։ Այնպէս ինչպէս ըրաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ յայտարարելով, որ իր ղեկավարած նախարարութեան ծրագիրները կը շարունակուին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին