Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մեկնարկային Իրադարձութիւն Աջակցելով Լիբանանի Առաջնային Եւ Երկրորդական Առողջապահական Խնամքին

Եւրոպական Միութիւնը յատուկ համաձայնագիրով առողջապահական նիւթական մեծ օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, Միջազգային Բժշկական Մարմինին եւ UNHCR-ի։

Չորեքշաբթի, 13 Յունիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, հովանաւորութեամբ Եւրոպական Միութեան՝ այս համաձայնագրի բացման արարողութիւնը ընթացք առաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութենէն:

Համաձայնագիրի պաշտօնական բացումը կատարելու համար հաստատութիւն այցելեցին Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ղասան Հասպանի, Զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կիներու հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Ռանտա Եասիր, Ընկերային Ծառայութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Զահի Հայպի, Եւրոպական Միութեան Դեսպան Քրիստինա Լասսըն, Միջազգային Բժշկական Մարմինի (international Medical Corps) Լիբանանի տնօրէն Էտուարտ Չան, UNHCR-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժիրարտ, «Hotel Dieu» մանկաբուժական բաժանմունքի պետ բժշկուհի Պէրնար Ժըրպէյա,  ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ։

Պաշտօնական բացումը սկսաւ Լիբանանի Պետական քայլերգով, եւ բացման խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանաեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան որոշումով՝ համաձայնագրի բացումը կատարելու Գարակէօզեան հաստատութենէն, որովհետեւ այս մէկը ապացոյց է այն մեծ վստահութեան, որ կայ հաստատութեան նկատմամբ։ Ան նաեւ ըսաւ, որ մենք ականատես կ’ըլլանք այդ բոլոր դերակատարներու համագործակցութեան եւ  համարկումին, մէկ վայրի մէջ, մատուցելու համար Լիբանանի ժողովուրդին, գաղթականներուն եւ տեղական համայնքի անդամներուն լաւագոյն առողջապահական ծառայութիւնները:

Ապա հերթաբար խօսք առին Միջազգային Բժշկական Մարմինի Լիբանանի տնօրէն Էտուարտ Չան, UNHCR-ի  ներկայացուցիչ Միրէյ Ժիրարտ, Եւրոպական Միութեան Դեսպան Քրիսթինա Լասսըն եւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ղասան Հասպանի:

Աւարտին, ներկայ հիւրերը, գլխաւորութեամբ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի, հերթաբար շրջագայեցան հաստատութեան մանկաբուժական, պատուաստներու, կանանց հիւանդութեան, քրոնիկ հիւանդութեան եւ դեղարաններու բաժանմունքները եւ մանրամասնօրէն տեղեկացան իւրաքանչիւր բաժանմունքի աշխատելաձեւին, ինչպէս նաեւ կարճ զրոյցներ ունեցան գործող բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ պարագաներուն հետ։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին