Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Արա Տարզին Եւ Ռուբէն Վարդանեանն Այցելեցին Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն

Ականաւոր վիրաբոյժ, Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, Մեծ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար Արա Տարզին ԵՊԲՀ-ի մէջ բաց դասախօսութենէ անմիջապէս ետք «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի եւ ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրադեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն: Արմէն Մուրադեան հիւրերուն ներկայացուց կեդրոնի ստեղծման պատմութիւնը:

Հիւրերուն ներկայացուեցան կեդրոնի հնարաւորութիւններն ու ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ, որ կեդրոնը, ինչպէս եւ իրենք՝ նախաձեռնողները կ’ըսեն, զինուորի տուն է, այստեղ անոնք ոչ միայն կը բուժուին, այլեւ կը մասնակցին ընկերային տարատեսակ ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու: Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ տղաներու մասնագիտութեան ձեռք բերման, աշխատանքի ապահովման ուղղութեամբ:

Արա Տարզին շրջեցաւ սենեակներով, խօսեցաւ այստեղ վերականգնողական բուժում ստացող տղաներուն հետ: Անոր ուշադրութեան արժանացան նաեւ այն վերջին սերունդի սարքաւորումները, որոնց միջոցով մասնագէտները կ’իրականացնեն զինուորներու առողջութեան վերականգնման աշխատանքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին