Յունիս 29-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի կ’ունենայ լիբանանահայ հայրենադարձ օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանի մենահամերգը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, համերգային ծրագիրը կը նուիրուի Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հչռակման 100-ամեակին:
Երեկոյի ընթացքին պիտի հնչեն Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Դանիէլ Երաժիշտի ստեղծագործութիւնները եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր: