Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Մխիթարեան Վարժարանի Ամավերջի Աշակերտական Հանդէս Եւ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

ԱԼԻՆ ԲԱՆՈՅԵԱՆ

 

Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը իր հիմնադրման օրէն իսկ հաւատարիմ մնաց Մխիթար Սեբաստացիի սկզբունքային առաքելութեան, հայ ժողովուրդին ծառայելու կոչումին, նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան առաջնային պարտաւորութիւն ստանձնելով, առ այսօր կը շարունակէ իր նուիրական ընթացքը՝ հալէպահայութեան հրամցնելով խումբ մը խոստմնալից պատանիներ‚ որոնք նեցուկ պիտի կանգնին հայ համայնքին։ Եւ ո՜վ գիտէ… ապագային անոնցմէ շատերն ալ հայ ազգի պանծալի դէմքեր կրնան ըլլալ…:

Պատերազմական ճգնաժամային տարիներուն Մխիթարեան Վարժարանն ալ դիմագրաւեց զանազան դժուարութիւններ, բայց հաւատարմօրէն գոյատեւեց։ Այս օրը երաշխիք է իր յաղթական երթին եւ փայլուն ցուցանիշ մը` 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնը‚ որ տեղի ունեցաւ 2 Յունիսի 2018-ին՝ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մխիթարեանի դալարագեղ պարտէզին մէջ՝ հովանաւորութեամբ վարժարանիս տեսուչ Հ. Համազաապ Վրդ. Քէշիշեանին եւ խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ վարժարանիս հաւատարիմ ուսուցչաց կազմին։ Հանդէսը նուիրուած էր Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան 300-ամեակին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին։ Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը: Յետոյ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով եւ Մխիթարեան Միաբանութեան առաքելութեան ներածականով սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Գնահատանքի ջերմ արտայայտութեան արժանացան Առաջինէն վեցերորդ կարգերու աշակերտական երգչախումբը՝ ներկայացնելով փունջ մը հայերէն ու արաբերէն երգեր, ինչպէս` «Երեւան-Էրեբունի», «Իմ հեռաւոր հայրենիք», «Հայկական բանակ», «راياتك بالعالي يا سورية» եւ «مبروك نصرك يا حلب»: Մխիթար Սեբաստացիի կեանքն ու գործունէութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացուցին Ե. կարգի աշակերտները եւ զայն եզրափակեցին Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեանի «Ձօն Մխիթարի» բանաստեղծութեամբ։

Ծնողներն ու ներկաները յուզումի ու խանդավառութեան պահեր ապրեցան‚ երբ բեմ բարձրացան վարժարանիս մանկապարտէզի փոքրիկները, իրենց ինքնատիպ արտայայտութեամբ ու շարժումներով յաջորդաբար ներկայացուցին հայերէն ու արաբերէն հայրենասիրական երգեր, պարեր ու ոտանաւորներ։ Նախակրթարանէն եւ միջնակարգէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին արաբական աշխարհին հանրածանօթ բանաստեղծ Նիզար Գապպանիի ու Ալախթալ Ալ Սաղիրի Հալէպի ձօնուած բամաստեղծութիւններէն հատուածներ, որուն յաջորդեց արաբական պարը։ Հանդիսատեսին ոգեւորութիւնը զգալի էր, երբ մատղաշ սերունդի շրթներէն հպարտութեամբ ու ինքնավստահ արտայայտութեամբ արտասանուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նուիրուած խորհրդածութիւնը։ Երկլեզու ներկայացուեցաւ հայրենի դրօշին, զինանշանին եւ քաղաքամայր Երեւանին նուիրուած ասոյթներ։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ Արա Գէորգեանի «Սարդարապատ» երաժշտութեան հայկական խմբային պարով, ուր ծնողներուն ծափողջոյնները մեծ ոգեւորութիւն ցուցաբերեց։ Զ. կարգի աշակերտներու շրթներէն բոցավառեցին հայ գրականութեան գոհարներէն՝ Ե. Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնը, որոնց յաջորդեց Է. կարգէն չորս ուսանողներու ցնցիչ, անթերի եւ տպաւորիչ արտասանուած Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայն ու հայը»՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ Զ. կարգի աշակերտներուն ներկայացուցած աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի «Քեզ համար Հայաստան» երգի ֆրանսերէն տարբերակով։ Սովորութեան համաձայն՝ հանդէսի աւարտին հայերէն լեզուի առաջնակարգ աշակերտները գնահատուեցան հայկական գնահատագիրով։ Նախքան Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը, բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս տեսուչ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեանը, որ, փոխանցելով օրուան պատգամը, ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ մեզի առիթը ընծայեց եւ բարենպաստ օդ տուաւ, որպէսզի պատերազմի եւ արհաւիրքի տարիներէն ետք կրցանք դպրոցական ամավերջի հանդէսը ներկայացնել կոկիկ, բայց գեղեցիկ ու խորիմաստ՝ շնորհիւ ուսուցիչ- ուսուցիչներու տքնաջան աշխատանքին ու նախանձախնդրութեան, որոնց կ’երթան իմ երախտագիտութիւնս ու շնորհակալութիւնս, ինչպէս նաեւ գնահատանքս դպրոցի փոքրիկ ու պատանի աշակերտներուն, որոնք խանդավառութեամբ սորվեցան եւ կատարեցին իրենց բաժինը, ինչպէս նաեւ ծնողքներուն, որոնք աջակցեցան մեզի։ Ինչ բարեպատեհ առիթ է մեր հանդէսի ընթացքին յիշատակել Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար հաստատման 300- ամեակը, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 100 -ամեակը ու անոնցմէ խանդ ու եռանդ ստանալ ապրելու ու գործելու հաւատքի եւ հայրենիքի զաւակներուն համար։

Մխիթարեան վարժարանը Հալէպի մէջ 82 տարիէ ի վեր գործած ու ծառայած է հալէպահայութեան, գիտութիւն ու լոյս ջամբած է հայ մանուկին ու պատանիին ու պիտի շարունակէ բարձրորակ ուսում եւ կրթութիւն ապահովել, հայկական շունչ, ինչպէս նաեւ մարդկային, քրիստոնէական եւ հայրենաւանդ արժէքներու փոխանցում։ Երկու տարի առաջ չկրցանք 80- ամեակը տօնել, տա՛ Աստուած, որ կարենանք վարժարանիս 85- ամեակն ու 100-ամեակը յիշատակել ու լաւագոյնը ընել անոր բարեկարգումին համար, որովհետեւ Հալէպն ու հալէպահայութիւնը միայն լաւագոյնին արժանի են։ Խօսքը աւարտելէ ետք, որպէս երախտագիտութիւն երկար տարիներու իր ծառայութեան՝ Տիկ. Նիրի Խռիկեան-Թադէոսեանը պարգեւատրեց արծաթեայ յուշանուէրով։ Հանդէսը իր աւարտին հասաւ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն վկայականաց բաշխումով եւ Տեսուչ հօր Պահպանիչով։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին