Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Արտադրուած Պարէնային Ապրանքներու Շնորհանդէս Մոսկուայի Մէջ

Յունիս 8-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ արտադրուած պարէնային ապրանքներու շնորհանդէս: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութենէն։

Շնորհանդէսին, որուն մասնակցած են պարէնային ապրանքներու աւելի քան երկու տասնեակ արտադրողներ Հայաստանէն, ներկայացուած է սննդամթերքի լայն տեսականի՝ կաթնամթերք (պանիրներ), գինիի եւ քոնեակի տեսականի, պահածոներ միրգերու եւ բանջարեղէնի, հրուշակեղէն, վերամշակուած մսամթերք, ձկնամթերք եւ այլն։ Ռուսական շուկայի մէջ որոշ արտադրողներ ներկայացուած են առաջին անգամ:

Շնորհանդէսին ռուսական կողմէն ներկայ եղած են տարբեր մակարդակի առեւտրային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ՝ սկսեալ խոշոր մանրածախ առեւտրային ցանցերէն, ինչպէս՝ X5 Retail Group-ը, մինչեւ համացանցային խանութներ, նաեւ գործարարներ, ճաշարաններու, հասարակութեան լայն զանգուածի եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Ու քանի որ Մոսկուան կը հանդիսանայ նաեւ համեմատական մեծագոյն կեդրոն, ուր կ’իրականացուին արտահանման-ներմուծման մեծածաւալ գործառնութիւններ, շնորհանդէսին հրաւիրուած եւ մասնակցած են նաեւ պարէնային ապրանքներու ուղղութեամբ մասնագիտացած համեմատական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան առաջարկին համապատասխան, հաշուի առնելով Ռուսիա բնակող մեր հայրենակիցներուն հետաքրքրութիւնը եւ ցանկութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գործընթացներուն մասնակցելու, շնորհանդէսին հրաւիրուած եւ մասնակցած են նաեւ հայկական ծագումով ՌԴ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք յայտնած են շնորհանդէսին ներկայացուած շարք մը ձեռնարկութիւններու մէջ ներդրումներ կատարելու իրենց մտադրութեան մասին:

Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայաստանի առեւտրական ներկայացուցիչին կողմէ՝ «Պիզնես Հայաստան» հիմնադրամին մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին