Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան հրաժարական ներկայացուց։
Ան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է.
«Կառավարութեան երէկուան նիստին կը քննարկուէր պարտադիր կուտակային համակարգի ամբողջական ներդրման հարցը։ Դուք տեղեակ էք իմ դիրքորոշումին, զոր ես յայտնած եմ դեռ տարիներ առաջ՝ համակարգի պարտադիր բաղադրիչի վերաբերեալ։ Նշանակուելով աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, իմ դիրքորոշումս յայտնած եմ պարտադիր բաղադրիչի ամբողջական ներդնումը 1 տարիով յետաձգելու եւ հանրային քննարկումներու միջոցով համակարգը փոխելու տեսքով՝ շահառուներու համար գրաւիչ տարբեր լուծումներ տալու՝ կեդրոնին ունենալով ազատ կամայայտնութեան սկզբունքը։ Այս ճանապարհը եւս ունէր որոշակի բարդութիւններ, բայց ես յայտնած եմ իմ պատրաստակամութիւնս այդ աշխատանքները նախաձեռնելու, հանրութեան լայն շերտերու հետ լայնամաշտաբ աշխատանքներ իրականացնելու՝ լաւագոյն եւ հանրութեան համար ընդունելի լուծումը գտնելու համար։
Երկար քննարկումներէ ետք պարզ դարձաւ, որ իմ առաջարկս կառավարութեան աջակցութիւնը չունի։ Փոխարէնը յառաջ քաշուեցաւ այլ տարբերակ, որ ներկայացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ կառավարութեան նիստի ժամանակ։
Այս հարցը սկզբունքային նշանակութիւն ունի ինծի համար։ Պարտադիր բաղադրիչը չուներ եւ չունի հանրութեան աջակցութիւնը, եւ անոր պատճառները բազմաթիւ են եւ բազմաշերտ։ Անիկա ունի թէ՛ ընկերային, թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ համակարգային խնդիրներ, եւ առանց հանրութեան հետ քննարկելու, խնդիրները բացայայտելու եւ միասնական ու ընդունելի լուծումներ գտնելու, ես ճանապարհ չեմ տեսներ պարտադիր բաղադրիչի ամբողջ ծաւալով ներդրման համար։ Ես լիայոյս էի, որ նոր կառավարութիւնը այս խնդիրի լուծման նոր ճամբով կ’երթայ։ Նախորդ իշխանութիւններուն կողմէ խնդիրներու լուծման գործնական մեթոտները ընդունելի չեն ինծի համար։
Սիրելի հայրենակիցներ, ես դէմ եղած եմ պարտադիր կուտակային համակարգին, իմ համախոհներուս հետ միասին այդ համակարգին դէմ ցոյցեր կազմակերպած եմ, եւ հիմա ալ այն համոզման եմ, որ կուտակային համակարգին համար պէտք է առանցքային ըլլայ ազատ կամայայտնութեան եւ ընտրութեան հնարաւորութեան սկզբունքը՝ հաշուի առնելով համակարգի վտանգը եւ երկարաժամկէտութիւնը։
Այս գրառումով ես կը դադրեցնեմ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի իմ լիազօրութիւններս, որոնք եղած են բացառապէս ՀՀ քաղաքացիներուն ծառայելու գործիքներ։
Գործող կառավարութեան կը մաղթեմ բազում յաջողութիւններ եւ հեռատեսութիւն՝ ի շահ ժողովրդավարական Հայաստանի։
Հաշուի առնելով, որ ես կառավարութեան անդամ դարձած եմ որպէս «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան անդամ՝ ես կը դադրեցնեմ նաեւ կուսակցութեան անդամակցութիւնս՝ հաստատակամ աջակցելու իմ ընկերներուն լուսաւոր Հայաստան կերտելու գործին մէջ։
Այսօրուընէ արդէն որպէս քաղաքացի պիտի շարունակեմ ուշի-ուշով հետեւիլ քաղաքական բոլոր զարգացումներուն՝ ջանք չխնայելով հայոց պետականութեան կայացման համար»: