Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-Ամեակին Նուիրուած Համերգ

Ինչպէս երէկ անդրադարձած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Լիբանանի պետական նուագախումբը, խմբավարութեամբ մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը ժամանած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն։ Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Համերգը սկսաւ Տէրունական աղօթքի նուագածութեամբ: Անոր ծրագրին մաս կազմեցին Հայ, թէ օտար երաժիշտներու գործերէն 16 հանրածանօթ երաժշտութիւն:

Համերգի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիկին Սեդա Խտըշեան։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ, պատիւ ու պարծանք ըլլալէ բացի, դժուար պատասխանատուութիւն մըն է արժեւորել սփիւռքահայ կեանքին մէջ ազգային, կրօնական ու մշակութային բնագաւառներու մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Հայրապետին լայնածաւալ գործունէութիւնը հակիրճ տողերով ներկայացնելով՝ Տիկ. Խտըշեան լուսարձակի տակ առաւ իր կեանքին ու ծառայութեան մէջ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած ամբողջական նուիրումը, հզօր անհատականութիւնը, տեսակէտ ու կեցուածք ունեցող մարդը, ինչպէս նաեւ իր հոգեմտաւոր լայն հորիզոնը մեր եկեղեցին, ազգը ու ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայրապետին հարուստ իրագործումներուն միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերէն ներս։

Համերգի աւարտին, Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի նախաձեռնութեան ու իրագործումին նպաստած ազգայիններուն ու արուեստագէտներուն։ Ապա Միաբանութեան անունով Նորին Սրբութեան նուիրեց Հայրապետական Ասա մը, որուն արուեստագէտն է Սիմոն Առաքելեան եւ բարերարը՝ նախկին դպրեվանեցի Քրիստափոր Աճեմեան։

Նշենք, որ ձեռնարկին նախաձեռնութիւնը ու անոր նիւթապէս նպաստողն էր ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ ու Անի Պէզիքեան ամոլը, որոնց ամուսնութեան 50-ամեակը կը զուգադիպէր նոյն օր:

Այս առիթով, համերգէն առաջ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ Հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին,  տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն եւ պատշաճ ընդունելութիւն: Զոյգ յիսնամեակներու Կալա – Ճաշը տեղի ունեցաւ յաջորդ կէսօրին ներկայութեամբ Վեհափառ հօր, Տտէր եւ Տիկ. Պէզիքեաններուն եւ շարք մը հրաւիրեալներու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին