ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, Յունիս 10-ին, մասնակցած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ՝ «Աւրորա՝ ի պատիւ 2018թ. դափնեկիր»-ի խորագիրով հանդիսութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։
ՀՀ նախագահը հանդէս եկած է խօսքով, մասնաւորապէս նշելով՝
««Աւրորա» կը նշանակէ արշալոյս: Արշալոյսը՝ նոր օր, նոր օրը՝ նոր սկիզբ:
Յատկանշական է, որ «Աւրորա»-ի հերթական մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՝ունենայ Նոր Հայաստանի մէջ, երբ համայն հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ կտրուկ աւելցած է ձգտումը դէպի ազատութիւն, լոյս ու երազանք: Եւ ի հարկէ, որեւէ երազանք չի կրնար իրականութիւն դառնալ առանց մարդասիրութեան, սրտացաւութեան, հանդուրժողականութեան ու երկխօսութեան:
Աւելի քան 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն, դարձաւ խարան աշխարհի ճակատին վրայ:
Աւելի քան 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդը զգաց, թէ ինչ մեծ արժէք ունին օգնութեան ձեռքը, գթասրտութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ անկախ անկէ, թէ ով է այդ ձեռքը մեկնողը, անկախ այդ մարդու ազգութենէն, կրօնէն եւ, ի հարկէ, ձեռքի գոյնէն։
Ցեղասպանութեան հարուածէն ետք մեր ժողովուրդը ուժ գտաւ ո՛չ միայն վերապրելու, այլեւ՝ վերստեղծելու իր հայրենիքը եւ, ի հարկէ, չմոռնալու անցեալը:
Իրօք, ուժեղ է ո՛չ թէ ան, ով ուժ ունի, այլ ան, ով իր մէջ ապրելու, վերածնելու, պայքարելու եւ հանդուրժող ըլլալու ուժ կը գտնէ:
Սիրելի՛ բարեկամներ
Գնահատելի է, որ այս մրցանակի հիմնադիրները ներդրում կը կատարեն մարդասիրութեան տարածման գործին մէջ: Յիշենք, որ այդպէս վարուած են մեր հետ նաեւ անոնք, որոնք աւելի քան մէկ դար առաջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ մէջ ապաստան եւ օգնութիւն տուած են ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Եւ ահա այսօր մենք կը ձգտինք վերադարձնել այն, ինչ ստացած ենք աւելի քան 100 տարի առաջ:
Այսօր, արշալոյսին, «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին անունը հնչեց բիբլիական Արարատի հայեացքին ներքոյ:
Ատով իսկ մենք մեր հայկական ուղերձը կը տարածենք աշխարհով մէկ եւ այս է ուղերձը՝ մենք մեր պատմութեամբ ու կեանքով մաս կը կազմենք աշխարհին, որ այսօր կրկին երկխօսելու, միմեանց լսելու, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան կարիք ունի»։