Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Պիտի Չմասնակցի Արցախի Նախագահի Յաջորդ Ընտրութիւններուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարած է 2020-ին կայանալիք Արցախի նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Բակօ Սահակեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւններուն տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Ինչպէս գիտէք, 2017 թուականին մեր ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցով ընդունեց նոր սահմանադրութիւն, որով նախատեսուած է անցումային փուլ՝ երեք տարի ժամկէտով: Այդ ժամանակը նախատեսուած է նաեւ օրէնսդրական դաշտը նոր սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: 2020 թուականին, գործող սահմանադրութեան համաձայն, տեղի կ’ունենան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններ: Կ’ուզեմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ ես՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, պիտի չմասնակցիմ այդ ընտրութիւններուն: Իմ մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ միայն որպէս Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, որ նոր նախագահ կ’ընտրէ»,- ըսած է Բակօ Սահակեան:

Ան աւելցուցած է, որ ասիկա ոչ թէ պահի թելադրանքով ընդունուած, այլ գիտակցուած որոշում է, որ կը բխի արժեհամակարգէն, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկիր կառուցելու հրամայականէն: «Եւ քանի որ տեղի պիտի ունենան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համաժամանակեայ ընտրութիւններ, ես՝ որպէս գործող նախագահ, օրէնքով սահմանուած իմ լիազօրութիւններուս ծիրին մէջ պիտի ձեռնարկեմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, որպէսզի թէ՛ նախագահի, թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւնները ազատ, արդար ու թափանցիկ անցնին»,- յայտարարած է Արցախի նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին