ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Պոլիսէն ժամանած «Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտախումբը համերգային ծրագիրով կու գայ Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:Ծրագիրը, որ ընթացք առաւ 8 Յունիսին, պիտի տեւէ մինչեւ 15 Յունիս:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ համերգային շրջագայութեան նպատակն է Հայաստանի մէջ ներկայացնել «Ոմանք»-ի «Բանալիք» նոր ալպոմը:
«Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտական խումբը, որ կազմաւորուած է Պոլսոյ մէջ, մօտ ըլլալով հայ աւանդական երաժշտութեան` իր երգերով կը փորձէ պատմել իր բնակավայրի ու աշխարհի մասին: Համերգներուն ընթացքին երաժշտասէրներուն պիտի մատուցէ բաւական բազմազան երգացանկ, որուն մէջ մեծ մաս կը կազմեն տարածաշրջանի տարբեր լեզուներով արտայայտուող աւանդական եղանակները, Սայաթ-Նովայի, Արտօ Թունճպոյաճեանի եւ հայ երաժշտութեան այլ վարպետներու գործերէն նմոյշներ: Երգացանկը կը ներառէ նաեւ Դանիէլ Վարուժանի եւ հայ գրականութեան այլ տիտաններու բանաստեղծութիւններու հիման վրայ ստեղծուած յօրինումներ: Խումբի երգացանկին մէջ կան նաեւ հայերէն եւ թրքերէն հեղինակային երգեր: Թէ՛ հեղինակային, թէ՛ միւս երգերուն մէջ «Ոմանք»-ը կը ձգտի պատմել ներկան` իրար կապելով անցեալի պատմութիւնն ու ապագայի երազանքը:
Կը ներկայացնենք Հայաստանի մէջ կայանալիք համերգներու յաջորդող օրերու ժամանակացոյցը.
– Յունիս 10-ին՝ ժամը 18:00-ին, Կիւմրի Հայորդաց տուն
– Յունիս 12-ին՝ ժամը 19:00-ին, Վանաձորի Մշակոյթի պալատ
– Յունիս 14-ին՝ ժամը 21:00-ին, Երեւանի «Calumet» ակումբ
– Յունիս 15-ին՝ ժամը 19:00-ին, Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգի: