Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնաքօն: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետը կարեւորած է հայ-իտալական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած, որ ՀՀ նոր կառավարութիւնը մեծապէս ոգեւորուած է այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր իրականացնելու: Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ համարած է երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու սերտացումը, այդ կարգին՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային բնագաւառներէն ներս:
Դեսպանը համոզում յայտնած է, որ համատեղ աշխատանքի արդիւնքով հնարաւոր կ’ըլլայ նոր թափ հաղորդել երկու պետութիւններու համագործակցութեան, ինչ որ նկատառելիօրէն կը նպաստէ նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման: Վինչենցօ Տել Մոնաքօն ընդգծած է, որ իտալական տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով, մասնաւորապէս արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ ուժաբանութեան ոլորտներուն մէջ:
Հայ-իտալական փոխգործակցութեան առումով զրուցակիցները կարեւորած են բարձր մակարդակի փոխայցերու կազմակերպումը: