Անցնող շաբաթը գերյագեցած էր ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ շաբթուան կարեւորագոյն ու հետաքրքրական իրադարձութիւններու ամփոփ պատկերը:
Ղարաբաղեան հակամարտութիւն
Յունիս 3-էն 9 ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց:
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Յունիս 8-ին հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում կատարած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ Մարտակերտ քաղաքէն դէպի հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին մէջ։ Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած դէպի իր յառաջապահ դիրքերը:
ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Յունիս 7-ին` ժամը 23:30-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազենային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Գէորգ Անդրանիկ Խաչատրեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վերահաստատէ մօտեցումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները չեն կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, այնքան ատեն որ հակամարտութեան լիարժէք կողմերէն մէկը՝ Արցախի ղեկավարութիւնը չի մասնակցիր անոր: Ազգային ժողովին ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ իր ելոյթին մէջ ՀՀ վարչապետը ընդգծեց, որ իր այս դիրքորոշումը շատերը որպէս նորութիւն համարած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղը որոշիչ ձայն ունի հարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի «Կիրակնօրեայ վերլուծական» ծրագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը: «Ոեւէ մէկուն համար նորութիւն չէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը այդ որոշիչ ձայնը ունի, որովհետեւ ի վերջոյ հակամարտութիւնը նոյն եռանախագահներու ձեւակերպումով կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն»,- նշած է ան։
Ռուսաստանը կը յարգէ այդ որոշումը, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը բանակցային գործընթացին մէջ ԼՂ ներկայացուցիչներու ներգրաւման շուրջ պայմանաւորուածութեան գան: Այս մասին Մոսկուայի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ մամուլի ժամանակ ըսաւ ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Լրագրողը յիշեցուց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղանի շուրջ, ինչին ի պատասխան Լաւրովը ըսաւ. «Ռուսաստանի դիրքորոշումը անփոփոխ մնացած է, որ է՝ խնդիրի կարգաւորումը Մինսքի խումբի միջոցով, որուն անդամ է նաեւ Հայաստանը: Մենք համոզուած ենք, որ ատիկա ամենաբարենպաստ ձեւաչափն է»:
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան անդրադարձաւ Սլովաքիայէն Ազրպէյճան զէնքի ապօրինի մատակարարումնեու հետ կապուած քննարկումներուն: Բալայեան նշեց, որ դեռ անցեալ տարի ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հսկայածաւալ աշխատանք կատարած է այս հարցի գծով, տուեալ պահուն ալ քննարկումնեու հետ կապուած աշխատանքները ընթացքի մէջ են: «Խնդիրը այն է, որ այդ զինատեսակներու մատակարարմանվերջնական օգտագործման վկայականը տրուած է մէկ երկրի, մինչդեռ զէնքը յայտնուած է մէկ այլ երկրի մէջ, ինչ որ ԵՄ համապատասխան կարգաւորումներու կոպիտ խախտում է: Յոյսով ենք, որ քննութիւնը շուտով կ’աւարտի, եւ մեղաւորները յարմարագոյն պատիժը կը ստանան»,- աւելցուց Բալայեան:
Ազրպէյճանական կողմը Յունիս 6-ին եւ 7-ին դիմած է ՀՀ զինուած ուժերու հրամանատարութեան՝ խնդրելով որոշ քաղաքացիներու թոյլատրել Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներուն մօտենալ։
Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտում
Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր, որ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, այցելած է Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: «Շատ զգացուած եմ Հայաստան գտնուելուս համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Աւրորա»-ին իր մարդասիրական նշանակալի նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին այն կարեւոր աշխատանքի համար, որով կ’ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 մլն զոհերու յիշատակը»,- նշած է Փաուըր:
Իսրայէլի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Բենիամին Նեթանիահուն ընդունած է երկրի ԱԳՆ-ի խորհուրդները՝ Քնեսեթի մէջ (խորհրդարան) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծի քննարկումները յետաձգել մինչեւ Յունիսի 24-ին Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու աւարտը։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան անդրադարձաւ Իսրայէլի Քնեսեթի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկումին: Բալայեան նշեց, որ Հայաստանի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մեծ նշանակութիւն ունի եւ «պիտի շարունակենք առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալ այս ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ: «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչումը համամարդկային արժէքներու գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու վերահաստատման գործընթաց է՝ կոչուած նման ոճիրներու կանխարգիլման, անոր կրկնութեան բացառման՝ անկախ ներքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական իրադրութենէն»,- ընդգծեց ԱԳՆ խօսնակը:
«Աւրորա»-ի այս տարուան հերոս Սունիթա Քիշնանին մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ նման ճանաչումը մեծ ուժ կու տայ: Սունիթան այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր մարդոց հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ես սովոր չեմ, որ ինծի յոտնկայս ծափահարեն: Սովորաբար զիս կը հարուածեն: 4-5 տարի առաջ սեռական բռնութեան դէմ պայքարող իմ կազմակերպութեան գրասենեակիս վրայ նոյնիսկ յարձակում գործեցին եւ պահանջեցին, որ հեռանանք այդտեղէն: Մեզ կը հետապնդէ նաեւ Հնդկաստանի կառավարութիւնը, կը մեղադրէ շատ մը բաներու համար: Եւ «Աւրորա»-ի կողմէ նման ճանաչումը, չեմ կրնար նկարագրել, թէ ի՛նչ ուժ կը ներշնչէ ինծի»,- ընդգծեց հերոսը։ «Աւրորա»-ի այս տարուան հերոս Հեքթոր Թոմաս Կոնզալեզ Քասթիլիոն Հայաստան «Աւրորա»-ին մասնակցելու եկած է, որ վկայէ նաեւ իր անձնակազմի աշխատանքին մասին: Հերոսը այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր մարդոց հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ասիկա որոշ չափով մեր կատարած աշխատանքի ճանաչումն է: Մարդիկ, որոնք կը շարունակեն աշխատիլ Մեքսիկայի «72» ապաստանին մէջ եւ օգնել գաղթականներուն, կը զգան, որ կան մարդիկ, որոնք կը քաջալերեն շարունակելու իրենց աշխատանքը: Հոս եկած եմ նաեւ, որպէսզի վկայեմ մեր անձնակազմի կատարած աշխատանքին մասին: Մենք պէտք է հնարաւորինս աշխատինք, որպէսզի թեթեւցնենք եւ փրկենք մարդոց կեանքը»,- նշեց Կոնզալեզ Քասթիլիոն: Իսկ «Աւրորա» 2018-ի մրցանակի յաւակնորդ Չո Լա Աունը վստահ է, որ եթէ իրեն շնորհուի այդ պատուաբեր մրցանակը, ինքը շատ աւելի մեծ աշխատանք կը տանի, քան անցեալին:
Հայաստան եւ աշխարհ
Լեհաստանի Սէյմը Յունիս 7-ին վաւերացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ տիկին Նունէ Սարգսեան Իտալիոյ Հանրապետութեան պետական տօնի՝ Ազգային օրուան առթիւ այցելած են Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատուն եւ շնորհաւորած դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնաքոյին, դեսպանատան աշխատակիցներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ բարօրութիւն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնաքօն: Վարչապետը կարեւորած է հայ-իտալական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած, որ ՀՀ նոր կառավարութիւնը մեծապէս ոգեւորուած է այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր իրականացնելու: Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ համարած է երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու սերտացումը, այդ կարգին՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային բնագաւառներէն ներս: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ճուզեփփէ Քոնթէին Իտալիոյ Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով իրեն յաջողութիւններ Իտալիան դէպի հետագայ յառաջընթաց ու բարեկեցութիւն առաջնորդելու պատասխանատու գործին մէջ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին: Վարչապետը կարեւորած է Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ անդրադարձած կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն ու ծրագիրներուն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի մշտական ներկայացուցիչ Եուլիա Ուսթիւկովան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սայյետ Քազեմ Սաճատին: Վարչապետը կարեւորած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու բնականոն զարգացումը եւ համոզում յայտնած, որ համատեղ ջանքերու արդիւնքով երկկողմ համագործակցութեան նոր թափ կը հաղորդուի: «Մենք առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրենք երկկողմ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ: Շահագրգռուած ենք նոր ազդակ հաղորդել հայ-իրանական կապերին՝ փոխադարձ շահերի հիման վրայ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Շուէտի թագաւոր Քարլ Կուսթավ ԺԿ.-ին՝ Շուէտի Թագաւորութեան ազգային տօնի կապակցութեամբ։
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական առեւտրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն: Հիւրերը նախագահին ներկայացուցած եհն իրենց գործունէութիւնն ու ծրագիրները՝ նշելով, որ իրենք հիմնականօրէն ուղղուած են Հայաստանի մէջ եւրոպական առեւտուրի ընդլայնման ու զարգացման, օտարերկրեայ ներդրումներու խրախուսման, գործարար բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորման:
ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպումն ու անոր հետ ունեցած բանակցութիւնները կառուցողական կը համարէ: Այս մասին Լաւրով ըսաւ հանդիպումէն ետք համատեղ ասուլիսի ընթացքին՝ նշելով, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են երկու երկիրները կապող գործընկերութեան, ռազմավարական համագործակցութեան ոգիին համաձայն: Ան ընդգծեց, որ կողմերը արձանագրած են հայ-ռուսական քաղաքական երկխօսութեան աշխոյժ բնոյթը: «Կարեւոր համաձայնութիւններ ձեռքբերուած են Մայիս 14-ին Սոչիի մէջ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումին: Խորհրդարանական մակարդակով շփումներ եւս տեղի կ’ունենան: Երկու օր առաջ աշխատանքային այցով Մոսկուա էր ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան: Ան մասնակցած է խորհրդարանականութեան զարգացման հարցերով միջազգային ժողովին»,- նշեց Լաւրով:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին հաւատարմագիրեր յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
ՌԴ-ի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է օրէնքի նախագիծ, որուն ընդունման պարագային կը ճանչցուին Ռուսաստանի մէջ պայմանագիրով աշխատող Հայաստանի քաղաքացիներու վարորդական իրաւունքները:
Ներհայաստանեան զարգացումներ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ներկայացուց իր գլխաւորած կառավարութեան ուղենշային առաջնահերթութիւնները: «Մեր կառավարութեան համար ուղենիշային են նաեւ արհեստական-տնտեսական մենաշնորհների բացակայութիւնը, տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութիւնը, տնտեսական որեւէ գործունէութեամբ զբաղուելու իրական հնարաւորութիւնը, տնտեսութեան ներառական աճի ապահովումը, աշխատատեղերի ստեղծումը, աղքատութեան յաղթահարումը, հանրութեան կրթական եւ սոցիալական ապահովութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը, բռնութեան հանրային մերժումը, շրջակայ միջավայրի պահպանումը եւ բնական ռեսուրսների ողջամիտ օգտագործումը»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան: Ան անդրադարձած է հնչող քննադատութիւններուն, թէ կառավարութեան ծրագիրին մէջ յստակութիւն չկայ, նշուած չէ, թէ ի՛նչ տնտեսական աճ կ’ակնկալուի եւ աղքատութիւնը որքանո՛վ պիտի նուազի։ Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ վարչապետը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը այս պահուն խնդիր ունի, որ է՝ գնահատել երկրի տնտեսութեան ստուերայնութեան ծաւալները։ «Դա շատ կարեւոր հարց է։ Հիմա, օրինակ, ո՞վ կարող է ասել՝ մեր տնտեսութիւնը քանի՞ տոկոս ստուեր ունի»,- ընդգծեց Փաշինեանը։ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Մարտ 1-ի դէպքերու քրէական գործով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը հարցաքննութեան կանչելու հետ կապուած լուրերուն: Ան յիշեցուց իր յայտարարութիւնը, որ Մարտ 1-ի գործը պէտք է բացայայտուի:
ՀՀ Ազգային ժողովին Յունիս 7-ին հրաւիրուած արտահերթ նիստին պատգամաւորները հաւանութեան տուին կառավարութեան ծրագիրին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկեց 62, դէմ՝ 39 պատգամաւոր:
Արցախի դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է Յունիս 1-ին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին առթիւ։ 2018-ի Յունիս 1-ին՝ ժամը 19.15-ի սահմաններուն, Ստեփանակերտ քաղաքի Բաղրամեան-2բ հասցէի դիմաց վիճաբանութիւն յառաջացած է, մէկ կողմէ, Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Ալպերթ Աւետիսեանի, միւս կողմէ՝ Մհեր Մուսայէլեանի (ԱԱԾ աշխատող), Մխիթար Մուսայէլեանի, Սերկէյ Մուսայէլեանի, Գուրգէն Հայրապետեանի եւ Վարդան Ղարամեանի (ԱԱԾ աշխատող) միջեւ: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ուր մի քանի օրէ ցոյցեր տեղի կ’ունենան ուժային կառոյցներու աշխատակիցներու ներգրաւուածութեամբ ծեծկռտուքի պատճառով: «Մենք բոլորս ընդունում ենք քաղաքացիների՝ կոնկրետ իրավիճակի նկատմամբ իրենց վերաբերմունքն արտայայտելու եւ այն կոնկրետ քաղաքական փոփոխութեան ձեւով տեսնելու իրաւունքը: Ես այսպէս եմ կարծում եւ իմ եղբայրական խնդրանքն է, որ Ստեփանակերտում այդ բողոքի գործողութիւնը դադարեցուի , առնուազն կասեցուի, որպէսզի իշխանութիւնները կարողանան կեանքի կոչել պայմանաւորուածութիւնները»,- եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան: Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն հրաժարելու իր մտադրութեան պատճառներուն մասին: Ան ըսաւ, որ հանրութեան մօտ ձեւաւորուած պահանջ ու տրամադրութիւն կայ երկրին մէջ բարեփոխումներու նոր փուլ իրականացնելու առումով: «Վերջին մի քանի ամիսներին, մանաւանդ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններից, «թաւշեայ յեղափոխութիւնից» յետոյ, Արցախի ժողովրդի մօտ եւս ձեւաւորուեց փոփոխութիւններ կատարելու պահանջ»,- նշեց Յարութիւնեան: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 6-ին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրեր: Արայիկ Յարութիւնեան ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի պաշտօնէն՝ իր դիմումին համաձայն։ Կրիկորի Մարտիրոսեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար՝ ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարի պաշտօնէն։ Արթուր Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարար։ Հրամանատար Արշաւիր Ղարամեան ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն՝ իր դիմումին համաձայն: Գնդապետ Սամուէլ Շահրամանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Յունիս 8-ին տեղի ունեցած է եպիսկոպոսաց ժողով, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի աշխարհական անդամները: Եպիսկոպոսաց ժողովը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որով անընդունելի համարած է մտահոգութիւններու ներկայացման որդեգրուած վերջնագրային ոճը, որ կը ներկայացուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ առաջադրուած պահանջի տեսքով:
Առայժմ միայն անապահով ընտանիքներու համար ելեկտրականութեան սակագինը կը նախատեսուի նուազեցնել 10 դրամով: Այդ մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Արթուր Գրիգորեանը՝ ի պատասխան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցին, թէ ուսումնասիրութիւններով ի՛նչ արդիւնքներ արձանագրուած են: Արթուր Գրիգորեան ըսաւ, որ, վարչապետի յանձնարարականին համաձայն, շահագրգիռ կողմերու հետ գնահատած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ բոլոր վտանգներն ու հնարաւորութիւնները՝ սակագինի վերանայման հետ կապուած: Ռուսաստանէն Հայաստան մատակարարուող կազի սակագինը 2019 թուականին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Արթուր Գրիգորեանը՝ ի պատասխան վարչապետի՝ կազի սակագինի վերանայման հետ կապուած հարցին:
Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան ընդգծեց, թէ որեւէ քաղաքական ուժ պէտք է պատրաստ ըլլայ. «Եթէ դուք պատմական կարճ ակնարկ կատարէք, կը տեսնէք, թէ նման դէպք երբեւէ չէ պատահած, որ իշխանութիւնը մէկ ուժ ունենայ, իսկ Ազգային ժողովին մեծամասնութիւն ունենայ մէկ այլ քաղաքական ուժ: Եւ ասիկա կը վկայէ Հանրապետական կուսակցութեան միասնականութեան մասին: Մենք խմբակցութեան ոչ քաղաքական թեւին ըսած ենք, որ եթէ իրենց խանգարող հանգամանքներ ըլլան, ազատ են, կրնան երթալ: Մենք որեւէ մէկէն կախուած չենք»: Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան կ’արձանագրէ, որ խորհրդարանական ՀՀԿ խմբակցութիւնը այլեւս բացարձակ մեծամասնութիւն չի կազմեր: Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Արմէն Աշոտեան, անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ 6 պատգամաւոր արդէն հեռացած է ՀՀԿ խմբակցութենէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ խմբակցութիւնը 52 աթոռ ունի, բացատրեց, որ ՀՀԿ-ն այդպիսով կը զրկուի բացարձակ եւ որոշիչ մեծամասնութիւն ըլլալէ:
ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ Վահրամ Շահինեան ազատուեցաւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետի պաշտօնէն: ՀՀ Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեանը Բարձրագոյն դատական խորհուրդին ներկայացուցած է իր հրաժարականի դիմումը: Կառավարութեան որոշումով՝ Գագիկ Միրիճանեանը նշանակուեցաւ Արմաւիրի, իսկ Կարէն Համբարձումեանը՝ Սիւնիքի մարզպետ:
ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով Արեգ Կիւրեղեանը կալանքէ ազատ արձակուած է: ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Տիգրան Սարգսեանը կալանքէ ազատ արձակուած է: ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Յովհաննէս Վարդանեանը կալանքէ ազատ արձակուած է: ՀՀ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Արամ Մանուկեանը դատական նիստերու դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ: