Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Մարի Իզմիրլեանի Անուան Մանկատունը Վերակառուցուած Է

Իզմիրլեան հիմնադրամի աջակցութեամբ Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան տարածքը արդէն աւելի հասանելի եւ մատչելի դարձաւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն համար: Այս մասին կը յայտնէ «Mediamax»-ը։

Վերանորոգուած մանկատան բացման արարողութեան Երեւանի մէջ մասնակցած են Իզմիրլեան հիմնադրամի գլխամասային գրասենեակի տնօրէն Կրեկորի Ճերեճեան, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան, Իզմիրլեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալաճեան:

2017-2018 Իզմիրլեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ շինարարական աշխատանքներ իրականացուած են «Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատուն» ՊՈԱԿ-ի տարածքի մէջ՝ նպատակ ունենալով մանկատան տարածքը աւելի հասանելի եւ մատչելի դարձնել հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համար։

Շինարարական աշխատանքները, որոնք իրականացուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ, ներառած են սակաւաշարժ երեխաներու համար թեքահարթակներու կառուցում, շէնքի կողային ճակատներու ջերմամեկուսացում, բակի եւ ցանկապատի վերանորոգում:

Տարածքի կանաչապատման աշխատանքներուն իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Երեւանի քաղաքապետարանը:

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ենթակայ կառոյց հանդիսացող «Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատուն» ՊՈԱԿ-ը, որուն նպատակն է առանց ծնողական խնամքի մնացած հաշմանդամ երեխաներու շուրջօրեայ խնամքի ապահովումը, 2004 թուականէն առ այսօր կը գտնուի Իզմիրլեան հիմնադրամի հոգածութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնին:

Իզմիրլեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալաճեան ըսած է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ «Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատուն» ՊՈԱԿ-ին իր աջակցութիւնը` հաշուի առնելով կառոյցի պահանջները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին