Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճան Առաջնագիծի Վրայ Կ’աշխուժանայ․ Տիգրան Աբրահամեան

«Արտաքնապէս խաղաղ թուացող իրավիճակի ետին խորքին մէջ բաւական բարդ գորընթացներ կան»,- «Panorama.am»-ի հետ զոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան` առաջնագիծի վրայ  տիրող իրավիճակի մասին հարցումին ի պատասխան:

Ան պատահական չի համարեր, որ այսօր առաջնագիծի վրայ նախատեսուած ծրագրային դիտարկման ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը չէ բերած իր յառաջապահ դիրքեր:

Աբրահամեանի խօսքով՝ հակառակորդին աշխուժութիւնը, որ սկսած է դեռ Ապրիլ 12-էն՝ զինամթերքի տեղաշարժերով, տարբեր դրսեւորումներով կը շարունակուի:

«Ի՞նչ նկատի ունինք տարբեր դրսեւորումներ ըսելով: Յաճախ հակառակորդի աշխուժութիւն ըսելով մարդիկ կը հասկնան միայն մարտ վարելու փուլը, սակայն անիկա պէտք է դիտարկել աւելի լայն լուսապատկերով` աշխոյժ երկրաչափական աշխատանքներ, զինամթերքի կամ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու տեղաշարժեր, պատերազմի նախապատրաստական քարոզչութիւն, այս կամ երկրի ներքին իրավիճակը սրելու ուղղուած ջանքեր, միջազգային կառոյցներու հետ աշխատանքի աշխուժացում: Թուարկած գործօններս շարունակելի են»,- մանրամասնեց Տիգրան Աբրահամեան:

Հարցումին, թէ Արցախի  ներքաղաքական խնդիրները  որեւէ ազդեցութիւն ձգա՞ծ են սահմանային իրավիճակին վրայ, Բակօ Սահակեանի խորհրդականը պատասխանեց. «Եթէ Ազրպէյճանի մէջ կը մտածեն, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները կրնան պառակտել հասարակութիւնը եւ իրենց համար պատերազմ սկսելու յարմար առիթ սեպեն, կը սխալին»:

«Ի հարկէ, թէ՛ մեզմէ, թէ՛ իշխանութիւններէն եւ թէ՛ հասարակութենէն կախուած է, թէ նոր իրողութիւնները ի՛նչ հունով պիտի տանինք։  Միայն կրնամ վստահօրէն ըսել, որ Արցախի նախագահի քայլերն ու յայտարարութիւնները նպատակ ունին միասնակամութիւն ապահովել Արցախի եւ առհասարակ հայ ժողովուրդի համար, ամրապնդել, ուժեղացնել վստահութիւնը իշխանութեան եւ հասարակութեան միջեւ, ընկալելի ըլլալ մեր տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ եւ հետաքրքրութիւն ունեցող խաղացողներու համար»,- ըսած է ան:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ազրպէյճանական կողմի գործողութիւններուն հայկական կողմը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ՝ ան նշեց. «Թոյլ տուէք այս հարցադրման պատասխանը շատ չմանրամասնել»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին