ՊԷՅՐՈՒԹ, «Զարթօնք» – Շաբաթ 9 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ: Այդ առթիւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Յարութ Ֆազլեանի խմբավարութեամբ, եւ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ելոյթ ունեցան նահատակաց յուշարձանին դիմաց:
Նշենք, որ նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին ազգային բարերար Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու ամուսնութեան յիսնամեակը (Ոսկեայ Յոբելեանը) եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Կրօնական արարողութենէն ետք հիւրերը ներկայ գտնուեցան այս առիթով կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան մը Պիքֆայյայի դպրեվանքի սրահին մէջ:
Զոյգ առիթներով Կիրակի, Յունիս 10-ին՝ կէսօրուան ժամը 1-ին, կալա-ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուայ թիւով: