ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ գործող «Արէնի» երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Արմինէ Վարդանեանն է, Յունիս 17-ին Նիւ Եորքի «Merkin» համերգասրահին մէջ կը կազմակերպէ «Երեւան, իմ տուն» խորագիրով համերգ` նուիրուած Երեւանի հիմնադրման 2800 եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100 ամեակին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ ձեռնարկին ընթացքին Նիւ Եորքի Մետրոպոլիտէն օփերայէն ելոյթներով հանդէս կու գան նաեւ Եղիշէ Մանուչարեան (թենոր), Նարինէ Օջախեան (սոփրանօ), Իլիա Իշենքօն (դաշնակահար) եւ Սարգիս Ներսիսեան (շեփոր):
Աւելցնենք, որ «Արէնի» երգչախումբը կազմաւորուած է 2013-ին նիւեորքաբնակ խումբ մը երաժշտասէր մարդոց, Արմինէ Վարդանեանի եւ անոր վաղամեռիկ ամուսնուն` Սամուէլ Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ, որ արդէն ստեղծած եւ կը ղեկավարէր «Հայեր» փողային նուագախումբը: Երգչախումբի ստեղծման նպատակն է` պահպանել եւ սերունդներուն փոխանցել հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան բացառիկ նմոյշները եւ զայն ճանաչելի դարձնել օտարազգի ունկնդիրներուն: