Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պալէի Փառատօն

Երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 115-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկը պալէի փառատօնն է` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի նախաձեռնութեամբ:

Յունիս 8-ին, 11-ին եւ 13-ին պիտի ներկայացուին խաչատրեանական «Սպարտակ», «Գայանէ» եւ «Դիմակահանդէս» պալէները: Փառատօնի բացման երեք պալէին նուիրուած ցուցահանդէս պիտի բացուի Օփերայի թատրոնի ճեմասրահին մէջ, պիտի ցուցադրուի նաեւ Արամ Խաչատրեանի մասին ֆիլմ:

Իսկ Յուլիս 24-ին օփերայի թատրոնի ղեկավար Կոստանդին Օրբելեանի գնահատմամբ՝ պատմական իրադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ․ 60 տարուան ընդմիջումէ ետք Մեծ թատրոնի բեմին վրայ նորէն պիտի ցուցադրուի «Գայանէ» պալէն` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի ամբողջ անձնակազմի մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին