Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Ծնողներուն Ուղղուած Ուսուցողական Դասախօսութիւն Մեսրոպեանի Մէջ

Մայիս 30-ին, հրաւէրովը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, վարժարանի մեծ խումբ մը ծնողներ ներկայ եղան շատ շահեկան դասախօսութեան մը` «Տունը Ի՞նչպէս Կրնամ Հետեւիլ Զաւկիս Դասերուն» խորագրով: Դասախօսութիւնը ներկայացուց «Ուազնաթ» խորհրդատուական եւ ուսուցման հիմնարկի ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, զորս ծնողները կը դիմագրաւեն իրենց զաւակներու տնային աշխատանքներուն հետեւելու ընթացքին՝ բացատրելով այդ պարտականութիւնը արդիւնաւէտ եղանակով կատարելու շարք մը եղանակներ:

Մեսրոպեան վարժարանը այս տարուան վերջաւորութեան գործակցութեան համաձայնագիր կնքեց «Ուազնաթ» հիմնարկին հետ` նպատակադրելով բարձրացնել  աշակերտներուն կրթական մակարդակը, ամրապնդել ուսուցիչներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ օգտակար դառնալ ծնողք-զաւակ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման: Այս ծիրին մէջ գործադրութեան պիտի դրուի`

  1. Ակադեմական եւ արհեստից կրթութեան արեւելումի ծրագիրը` երկրորդականի աշակերտներուն համար,
  2. Անձնական եւ ընտանեկան կեանքի զարգացման վարժողական ծրագիրը` 7, 8, 10 եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներու համար,
  3. Ուսուցողական-իրազեկման ծրագիրը ծնողներու համար` ծնողք-զաւակ յարաբերութեան վերաբերող նիւթերու մասին
  4. Ուսուցիչներու վարժողական խտացեալ ծրագիրը:

Կրթա-դաստիարակչական այս համապարփակ ծրագրին գործադրութիւնը կը պատկանի վարժարանի զարգացման ուղղուած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան նորագոյն նախաձեռութիւններու շարքին` վարժարանի հիմնադրութեան   80-ամեակին ընդառաջ:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին