Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ախալցխայի Հայկական Դպրոցի Հայատառ Ցուցանակը Պատին Տեղադրելու Արտօնութիւն Չի Տրուիր

Ախալցխայի հայկական թիւ 3 հանրային դպրոցի հայատառ ցուցանակը պատրաստ է եւ կը գտնուի տնօրէնի սենեակին մէջ, սակայն իրաւունք չէ տրուած զայն դպրոցի պատին փակցնելու։ Այս մասին, ըստ «Akhaltskha.Net»-ի, տեղեկացուցած է դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը։

Ուսուցիչին տեղեկութիւններուն համաձայն` հայատառ ցուցանակը պատրաստելուն պէս դպրոցի տնօրինութիւնը դիմած է Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ուրկէ, սակայն, ստացած է բացասական պատասխան։

Քաղաք Վալէի հայկական 3-րդ հանրային դպրոցի տնօրէն Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի խօսքերով՝ իրենք եւս, ըստ օրէնքի, պատրաստ էին փոխելու հին հայատառ ցուցանակը նորով, որուն ընթացքին տեղեկացած են, որ ցուցանակին վրայ կարելի է գրել միայն այնպէս, ինչպէս գրուած է դպրոցի կնիքին վրայ։ Հետեւաբար, ատիկա կը նշանակէ, որ տուեալ դպրոցի ցուցանակին վրայ եւս հայերէն գրութիւն պիտի չըլլայ։

Վերջերս, հայկական ցուցանակը հանուած է նաեւ Մեծ Պամաճ գիւղի դպրոցի պատէն։

Տուեալ խնդիրը կարելի է ըսել, որ կը կրէ համատարած բնոյթ։

Յատկանշական է այն փաստը, որ օրինակ Թիֆլիսի հայկական 104 դպրոցին թոյլատրուած է պատին վրացերէնի ու անգլերէնի կողքին փակցնել նաեւ հայատառ ցուցանակ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին