Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Մեսրոպեանի Մէջ Հաստատուեցաւ Տիկին Շողիկ Հանտեանի Յիշատակին Նուիրուած Ասմունքի Տարեկան Մրցում

23 Մայիս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայերէն արտասանութեան մրցում Մայրերու օրուան առիթով եւ նուիրուած վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան վաղամեռիկ ուսուցչուհի Տիկին Շողիկ Հանտեան Խաչերեանին:

Արտասանութեան մրցումին համար ընտրուած էին մայրութեան խորհուրդը արտայայտող երեք քերթուածներ, որոնց կատարումներով հանդէս եկան 5-7-րդ դասարաններու 12 աշակերտներ: Ասմունքներուն զուգահեռ, նախակրթարանի աշակերտներ կատարեցին խմբային երգեր եւ նուագ:

Մրցումին յաղթական ընտրուեցաւ  6-րդ դասարանի աշակերտ Նազօ Ղազարեան, որ ասմունքած էր Աւետիք Իսահակեանի «Մօր Սիրտը» քերթուածը: Աշակերտին յանձնուեցաւ Տիկին Շողիկ Հանտեանի անուան մրցանակը, որ հետագային իւրաքանչիւր տարի պիտի փոխանցուի անոր յիշատակին կայանելիք մրցումներու առաջնութիւնը գրաւողին: Յանձնումը կատարեցին մրցումին ներկայ եղող Տիկին Շողիկի հարազատները: Խօսք առաւ դատակազմի ներկայացուցիչ, լիբանանահայ ծանօթ ասմունքող Տիկին Անի Եփրեմեան, որ գնահատեց մասնակիցներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան նախաձեռնութիւնը:

Վարժարանի տնօրէն Պարոն Կրէկուար Գալուստ փակման խօսքին մէջ ըսաւ, որ արտասանութեան այս մրցումը այս տարուընէ սկսեալ պիտի վերածուի տարեկան աւանդութեան՝ անմահացնելու համար վաստակաւոր ուսուցչուհիի մը յիշատակը, որ համակ նուիրումով ծառայեց հայ դպրոցին եւ աշակերտին: Ան մաղթեց, որ աշակերտներուն մէջ միշտ միշտ վառ մնայ հանգուցեալ Տիկին Շողիկին փոխանցած հայկականութեան շունչն ու ոգին:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին