Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Արցախի Մէջ Յառաջիկայ Օրերուն Դարձեալ Անձնակազմի Նոր Փոփոխութիւններ Պիտի Ըլլան. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի պետական նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը կը կարծէ, թէ Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը կը սահմանափակէր իր հնարաւորութիւնները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով՝ ան այս մասին ըսաւ Յունիս 6-ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:  «Ես կ’ուզեմ աւելի անկախ ըլլալ եւ Արցախի մէջ այդ պահանջուած բարեփոխումներուն աւելի ազատ մասնակցութիւն ունենալ՝ կարծիքներ արտայայտելով եւ, ինչո՛ւ չէ, քննադատութիւններ հնչեցնելով»,- աւելցուց Յարութիւնեանը:

Յարութիւնեանի խօսքով՝ իր ղեկավարած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը աշխուժօրէն պիտի մասնակցի 2020 թուականին Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական միւս բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Անդրադառնալով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հաւանական հրաժարականի հետ կապուած խօսակցութիւններուն՝ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Բակօ Սահակեանը սահմանադրութեան երաշխաւորն է, գերագոյն հրամանատարը, եւ նախագահի յաճախակի փոփոխութիւնը ան անիմաստ կը համարէ: «Ես համոզուած եմ, որ մենք երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ճիշդ ճամբան ընտրած ենք»,- ընդգծեց Արցախի պետական նախկին նախարարը, աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ դարձեալ կ’ակնկալուի անձնակազմի նոր փոփոխութիւններ:

Յունիս 6-ին իրենց պաշտօններէն հրաժարուելու դիմումներ ներկայացուցած են Արցախի պետական նախարարը, ոստիկանապետն ու ԱԱԾ տնօրէնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին