Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ռիօ Տը Ժեներօ, Պրազիլ
Ընտանիքի Կազմութեան Նոր Հասկացողութիւն…

ֆութպոլի նախկին աստղ Ռօնալտինօ (տես նկարը) պիտի ամուսնանայ յառաջիկայ Օգոստոս ամսուան մէջ։ Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ դէպք, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ ան երկու աղջկան հետ միեւնոյն ժամանակ պիտի կնքէ այդ պսակադրութիւնը…

Ռօնալտինօ 2013-ին ծանօթացած է Քօէլհոյի (Coelho) հետ եւ 2016-ին՝ Սաուզայի (Souza) հետ եւ 2017-ի Դեկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, անոնք շատ համերաշխութեամբ արդէն կ’ապրին միասին։

Ուստի երբ Ռօնալտինօ հանգստեան կը կոչուի 2018-ի Յունուար ամսուն վերջաւորութեան, անմիջապէս ամուսնութիւն կ՛առաջարկէ վերոյիշեալ իր երկու ընկերուհիներուն՝ նշանտուքի մատանի անցընելով անոնց աջ միջնամատերուն վրայ։

Թէեւ երկու կնկան հետ առանձին-առանձին ամուսնանալը ապօրինի է Պրազիլի մէջ, սակայն երբ պսակադրութիւնը կը կատարուի միեւնոյն ժամանակ, այդ պարագային արտօնուած է, հետեւեալ բացատրութեամբ։ Սա կը նկատուի պարզ քաղաքային միութիւն մը, այսինքն՝ կենակցութիւն, երեք անձերու միջեւ (a three-person civil union), որ արտօնուած է Պրազիլի մէջ։

Ես այս դրութիւնը պիտի որակէի «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց», ճիշդ չե՞մ։ Տարբեր ժամանակ կամ միեւնոյն ժամանակ ամուսնանալը ի՜նչ կը փոխէ կացութենէն, չեմ հասկնար: Ան հիմա երկու կին ունի եւ վե՛րջ։

Առ ի հետաքրքրութիւն ըսեմ, որ 2012-ին նմանօրինակ կենակցութիւն մը երկու կնկան եւ մէկ մարդու միջեւ տեղի ունեցած եւ արտօնուած է Պրազիլի մէջ։ Իսկ 2015-ին ալ նմանօրինակ կենակցութիւն մը երեք կիներու միջեւ դարձեալ տեղի ունեցած եւ արտօնուած է։ Այդ կիներու արտօնութիւնը շնորհուած է այն հիման վրայ, որ անոնք միասնաբար զաւակ մը պիտի որդեգրեն եւ մեծցնեն։ Որո՞ւն վրայ կը խնդան ասոնք, չեմ հասկնար… 

Սիրաքոյզ, Նիւ Եորք

Զաւակի մը Ոդիսականը…

Մայքըլ Ռօթօնտօ (տես նկարը) 30 տարեկան է, անգործ եւ կը բնակի իր ծնողքին տան գետնայարկը (basement)։ Ան ամուսնալուծուած է եւ ունի 8 տարեկան մանչ զաւակ մը։

Ամերիկայի մէջ կար ժամանակ, երբ զաւակը 18 տարիքը թեւակոխելէ ետք պէտք էր հեռանար իր ծնողաց տունէն։ Իսկ հիմա կացութիւնը բոլորովին փոխուած է։ Զաւակներ համալսարանական ուսումը ստանալէ եւ գործի սկսելէ ետք կը վերադառնան իրենց հօրենական տունը, որովհետեւ  առանձին ապրիլը սուղ է։ Առաւել, անոնք պէտք է նախ իրենց ուսման համար փոխ առած գումարը (loan) վերադարձնեն…

Վերադառնալով Մայքըլին՝ ծնողքը կը պահանջէ, որ ան տունէն հեռանայ։ Բայց Մայքըլ, առարկելով, որ անգործ է, չանսար ծնողաց պահանջին։ Եւ ահա կը ծագի վէճ, վիճաբանութիւն եւ արդիւնքը կ’ըլլայ՝ հաւատաք կամ ոչ, դիմել դատարան։

Եւ ի՞նչ կը խորհիք, որ դատաւորը վճռէ։ Ան կը վճռէ ի նպաստ Մայքըլի ծնողաց եւ կը պահանջէ, որ Մայքըլը շուտով հեռանայ իր բնակած գետնայարկէն։ Մայքըլ կը խնդրէ, որ գոնէ վեց ամիս ժամանակ տան իրեն, որպէսզի կարողանայ յարմար տուն մը գտնել եւ պարպել գետնայարկը։

Կրնա՞ք երեւակայել, որ ծնողք մը դատարան դիմէ՝ զաւակը տունէն հեռացնելու համար։ Ես կը կարծեմ, որ ոեւէ հայ ծնողք չի կրնար նման քայլ մը առնել իր զաւակին նկատմամբ։ Օրինակ վերցնենք իմ ընտանիքէս՝ երկու զաւակներս 30-ը անց են, կ’աշխատին եւ մեզի հետ կ’ապրին։ Միթէ՞ պէտք է վռնտեմ զիրենք, քաւ լիցի:

Սակայն հոս Ամերիկայ է եւ ամէն ինչ կրնայ պատահիլ, գէթ ամերիկեան ընտանիքներէն ներս։ Հազար ափսո՜ս…

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին