Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Փաշինեան Եւ Սվիթալսքին Քննարկած Են ՀՀ-ԵՄ Յարաբերութիւններուն Առնչուող Օրակարգային Հարցեր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին: Այս մասին ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետը կարեւորած է Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ անդրադարձած կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն ու ծրագիրներուն: Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները էապէս նպաստած են ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման: Վարչապետին խօսքով՝ ստեղծուած բարենպաստ մթնոլորտը նոր խթան կը հանդիսանայ տարբեր ոլորտներէն ներս բարեփոխումներու եւ արմատական փոփոխութիւններու իրականացման համար: Գործադիրի ղեկավարը շեշտած է, որ կառավարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը կաշառքի դէմ պայքարն է եւ գործադիրի քայլերը ուղղուած են ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, առեւտրական միջավայրի շարունակական բարելաւման, այդ շարքին` ներդրումներու պաշտպանուածութեան բարձրացման, մենաշնորհներու դէմ պայքարին, պետական գնումներու  ոլորտին մէջ կաշառքի դրսեւորումները նուազագոյնի հասցնելուն, ներդրումներու ներգրաւման եւ այլն: «Մենք վճռական ենք մեր կողմից նախանշուած նպատակները, ծրագրերն ու միջոցառումները կեանքի կոչելու հարցում՝ կոնկրետ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով»,- ընդգծած է վարչապետը:

Փիոթր Սվիթալսքին ողջունած եւ կարեւորած է վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրները՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է առարկայական օժանդակութիւն ցուցաբերելու անոնց իրականացման, ներառեալ՝ ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ժամանակաւոր կիրարկման: Դեսպանը նշած է, որ Հայաստան եւրոպական ներդրումներ ներգրաւելու լաւ հնարաւորութիւններ կը տեսնէ, յատկապէս պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրին մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ: Փիոթր Սվիթալսքիի խօսքով՝ եւրոպացի ներդրողները պատրաստ են գործնական  ծրագիրներ քննարկելու:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը այլ հարցերու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին