Մինչ Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ համաժողովին սկսիլը, ողջունելի էր ականատես ըլլալ Սփիւռքի մամուլի ներկայացուցիչներու միջեւ գոյացած ջերմ մթնոլորտին, որ արդիւնք էր անցնող տարիներուն գումարուած ժողովներուն։
ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան փոխանցեց նախարարի ողջոյնի խօսքը, որ արժանացաւ ժողովի մասնակիցներուն լուռ դժգոհութեան, որովհետեւ անոնք վարժ էին՝ ժողովներուն ընթացքին, նախարարը տեսնել սկիզբէն մինչեւ վերջ։
Ողջոյնի ելոյթներէն ետք՝ ժողովականները դժգոհութիւն յայտնեցին, թէ ՀՀ սփիւռքի նախարարի Վրաստան մեկնիլը հասկնալի է, բայց ինչո՞ւ ժողովին չի շարունակեր մասնակցիլ փոխ նախարարը…։
Մայիս 30-ի օրակարգը «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթութիւններն» էր, նիստավարներէն մին փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանն էր, որ յայտնեց, թէ նախարարութիւնը պիտի աշխատի բաց՝ շեշտը դնելով հայրենադարձութեան վրայ։
Ելոյթ ունեցաւ Լիաննա Աւագեան, որ 13 տարի Ամերիկայի մէջ ապրելէն ետք Հայաստան վերադարձած էր՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախկին ծրագիրներուն մասնակցելուն շնորհիւ։ Անոր կարծիքով ինք եւ շատ ուրիշներ նոյնպէս՝ այդ ծրագիրներու յաջողութեան լաւագոյն օրինակն են։
Մինչ այդ լսեցինք, որ կը փակուի «Իմ Հայաստան» ծրագիրը։ Փոխնախարարը կարծիք յայտնեց նաեւ, որ «Արի Տուն»-ը նոյնպէս անիմաստ ծրագիր է, որովհետեւ կան շատ կառոյցներ, որոնք կ’իրականացնեն նմանատիպ ծրագիրներ։ Փոխնախարարը չուզեց օրինակ տալ, սակայն ժողովականներուն պնդումով՝ ըսաւ,- Օրինակ Birthright Armenia-ն։ Տեղին է նշել, որ փոխ նախարարի տուած օրինակը բաձարցակապէս կապ չունի «Արի Տուն» ծրագիրին հետ, ո՛չ տարիքային, ո՛չ ալ ծրագրային առումով։
Հետեւելով ՀՀ սփիւռքի նախարարի facebook-եան էջին եւ լսելով փակուող ծրագրերուն մասին՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան ելոյթ ունեցաւ ըսելով.
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հիմնուեցաւ 10 տարի առաջ եւ ինչքան ալ ոմանք համաձայն չըլլան, արձանագրուած փաստ է, որ այս տասնամեակին ընթացքին՝ նախարարն ու նախարարութեան աշխատակազմը, իրենց ընձեռուած խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւններով, տարին հսկայածաւալ աշխատանք՝ աշխատակազմի զգալի մասը նախարարի հետ միասին, աշխատելով օրը 10-12 ժամ, երբեմն աւելի, եւ շաբաթը 6 օր։
Շատ կարեւոր է շեշտադրել «խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւն» արտայայտութիւնը, որովհետեւ այլեւս բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ երկրի մէջ կը տիրէր մենատիրական իշխանութիւն։ Անսխալ գործել Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարին ուղղորդումով, ուր, իմ կարծիքովս, իրաւազրկուած էին նոյնիսկ նախարարի ու աշխատողներու իրաւունքները, ուր չկար նուազագոյն ազատութիւնը, բնականաբար անհնար էր։ Բայց համերաշխութիւն յայտարարած Հայաստանի նոր իշխանութեան օրով, նորանշանակ երիտասարդ նախարարի կողմէն թերագնահատել այդ պայմաններուն մէջ կատարուած հսկայական աշխատանքը, եւ թոյլ տալ, որ իր անձնական ֆէյսպուքեան էջին հնչեն վիրաւորական խօսքեր նախարարութեան հիմնադիրին եւ աշխատողներուն հանդէպ՝ նուազագոյնը անարդար է։ Խօսքի ազատութեան հնարաւորութիւն տալը չի նշանակեր տեղ տալ վիրաւորանքներու։
Ահա այս է այդ առաջնահերթութիւնը, որմէ զերծ պէտք է մնայ Նախարարը իր աշխատակազմով։
Առաջնահերթութիւն կը համարեմ նաեւ աւելի խոր ուսումնասիրել իրականացուած ու շարունակուող իւրաքանչիւր ծրագիր, գնահատել ու պահել լաւը, անհրաժեշտութեան պարագային նորովի մօտեցում ցուցաբերել եւ այո՛ ձախողած ծրագիրները չեղարկել, բայց նպատակ չդնել ոչնչացնել ամէն ինչ, նոյնիկս գեղեցիկը»։ Շէնքի երկրորդ յարկը կառուցելու համար՝ փորձուած ամուր հիմքը չեն քանդեր։
Խօսինք Փաստերով.
-«Հայկական Սփիւռք Տարեգիրք»
Դատուած է միայն հիմք ընդունելով իր արտաքին «չաղլիկ» ու ծանր տեսքը, որուն հետեւանքով նախարարի կողմէն իր facebook-եան էջով հրապարակուած է գիրքի բովանդակութեան հետ գրեթէ կապ չունեցուղ բնութագրում, իբր՝ «տարեգիրքին մէջ ընդամէնը ներառուած են նախարարութեան եւ գործընկերներու կողմէն իրականացուած բոլոր միջոցառումները, նախարարի, երկրի առաջին դէմքերու կատարած այցերը: Եւ այս գիրքը կ’ուղարկուի սփիւռքեան մեր համայնքներուն, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայերը տեղեկացուած ըլլան վերոշարադրեալ կառոյցներու ու անձանց ծաւալած գործունէութեան մասին»:
Իրականութիւնը այն է, որ այդ բոլորի հետ միասին Տարեգիրքին մէջ տեղ կը գտնեն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ համայնքներուն եւ համահայկական կառոյցներուն կողմէն իրականացուած այդ տարուան կարեւոր բոլոր ձեռնարկները՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի պատմութիւնը որեւէ տեղ գրի առնել, իսկ ակնարկուած «հնացած տեղեկութիւնները» պատմական կարճ ակնարկներ են կառոյցներուն մասին։ Այստեղ հարցը այլեւս ո՛չ թէ Տարեգիրքը տպել չտպելու կարեւորութիւնն է, այլ ամէն ինչին մակերեսային մօտեցում ցուցաբերելը՝ գերագոյն նպատակ ունենալով չնչել ամէն ինչ, որ եկած է անցեալէն, նոյնիսկ գեղեցիկը։ Ի վերջոյ ի՞նչ խնդիր ունի նախարարութեան լոկոն, որ պէտք է նորը ստեղծել։ Ըսեմ նաեւ, որ նախատեսուած էր տարեգիրքը հրապարակել թուայնացուած տարբերակով, որպէսզի տեղափոխելու հարց չյառաջանայ եւ տպագրութեան յատկացուած գումարները խնայուին։
-«Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար»
Շարժումի խորագիր, որ որոշուեցաւ 2016 թուականի Հոկտեմբեր 20-24-ին տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին, այսինքն՝ այստեղ նստածներուս հաւանութեամբ, հիմք ընդունելով Ճոն Քենետիի «Դուն մի հարցներ, թէ ինչ ըրած է երկիրը քեզի համար, այլ ըսէ՛, թէ դուն ինչ կրնաս ընել քու երկրիդ համար…..»։ Դարձեալ առանց խորքը թափանցելու՝ այս վերնագիրը համարուեցաւ «կոշտ թոն, որ կը մերժուի նոր Հայաստանի իշխանություններուն կողմէն, բայց չէ՞ որ «Քայլ արա» խորագիրը նոյնպէս հրամայական է, եւ եթէ ուզենք միայն վատ բան տեսնել անոր մէջ, նոյնիսկ վիրաւորական է, այսինքն՝ ժողովուրդը այնքա’ն թոյլ էր, որ մէկ քայլ ընելու անգամ ուժ չունէ՞ր։ Այստեղ հարցը կախում ունի անկէ, թէ ինչ տրամադրուածութեամբ կը նայինք երեւոյթներուն։
Հետեւաբար, առաջնահերթութիւն կը համարեմ սէրն ու համերաշխութիւնը լօզունքէն վերածելու աշխատելաոճի՝ գնահատելու լաւը, արդարացիօրէն վերլուծելու անցեալին կատարուած աշխատանքը եւ ի վերջոյ, քննադատելէն առաջ, նախ՝ աշխատիլ, այնպէս ինչպէս կ’ընեն միւս բոլոր նախարարութիւնները։
Այս ելոյթին ի պատասխան՝ փոխնախարարը յայտնեց, որ 21-րդ դարը տարեգիրք տպելու դար չէ, իսկ վերջինիս օգնականը յայտնեց, որ նշուեցաւ, թէ «քայլ արա մերժիր Սերժին» կարգախօսը կը դիտուի իբրեւ հրամայական խօսք, երբ ան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տրամադրութիւն փոխած է։ Անհասկնալի էր, որ վերջինս, իբրեւ ժողովի ամփոփում, յայտարարեց իր անձի մասնակցութեան կարեւորութիւնը թաւշեայ յեղափոխութեան, ուր կը շեշտուէր, որ ինք միշտ եղած է առաջին շարքերուն։
Տպաւորութիւն էր, որ փոխնախարարին ու անոր օգնականին համար անհասկնալի էր կա՛մ Արեւմտահայերէնը, կա՛մ ընդհանրապէս հնչած միտքերը…
Թէեւ ժողովի մասնակիցներուն թիւը կէսէն ալ պակաս էր, սակայն երկրորդ օրուան երկրորդ կէսը բուռն էր։
Վրդոված ելոյթ ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Պաղտասարեանը՝ (ան նախարարութեան առաջին աշխատակիցներէն մէկն է)՝ յայտնելով, որ քիչ առաջ իրեն յայտնած են թէ ինք պէտք է նախարարութենէն հեռանալալու դիմում գրէ։ Ի պատասխան ելոյթ ունեցաւ օրեր առաջ նխանակուած Նախարարի օգնական, (այստեղ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ընթերցողներուն հարցադրումին ի պատասխան ըսեմ, օգնականը նոյն ինքն գործավարն է, այսինքն նախարարին թուղթերը, ժամադրութիւնները դասաւորողն է եւ հեռաձայններուն պատասխանողը) սուրիահայ, բայց Արեւելահայերէն խօսող Լիւսի Վանը, որ անթաքոյց հրճուանքով մը ըսաւ,- «Տիկին Էվելինա ձեզ բարի երթ»։ Վերջինս չմոռցաւ նաեւ ներկաներուն յայտնելու իր կենսագրութեան ամենավառ կէտը՝ ինչ որ ձեռնարկի հանդիսավար ըլլալը։
Երրորդ օրը ժողովը սկսաւ մասնակիցներու քիչ թիւով։ Ժամը երկուքէն ետք ժողովականներուն թիւը աւելցաւ՝ սպասելով, որ վերջապէս պիտի հանդիպին Սփիւռքի նորանշանակ նախարարին հետ, սակայն վերջինս՝ դարձեալ փոխնախարարին միջոցով՝ տեղեկացուց, որ ինք շատ զբաղած է եւ չի՛ կրնար ժողովին ներկայ գտնուիլ ու հանդիպիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէն Հայաստան հասած խմբագիրներուն եւ լրագրողներուն հետ…
Ժողովը աւարտին հասաւ՝ առայժմ առանց որեւէ յայտարարութեան կամ բանաձեւի…