Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Լուսարձակի Տակ – «Արի տուն» Եւ Այլ Ծրագրեր Կասեցուած են. Աշխատակազմի Նախկին Ղեկավարը կը Հերքէ Կարգ մը Յայտարարութիւններ

«Զարթօնք»ի Երկուշաբթի 28 Մայիս 2018-ի թիւին առաջին էջին վրայ՝ Փոխան Խմբագրականի, անդրադարձած էինք ՀՀ Սփիւռքի նոր Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հապճեպ որոշումներուն, բան մը որ բոլորիս մտահոգութիւնն է: Այս առիթով նաեւ մեր գրութիւնը համեստ փորձ մըն էր պարոն Մխիթար Հայրապետեանին ուշադրութեանը հրաւիրելու, որ նման որոշումներ լաւ անդրադարձ կրնան չունենալ թէ՛ Սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Հայրենիքի:

Ստորեւ կը հրապարակենք նոյն պայմաններու լոյսին տակ երէկ կատարած  յայտարարութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի հրաժարեալ ղեկավարին, յուսալով, որ նման կոչերն ու սթափեցումի փորձերը տեղ պիտի գտնեն սիրելի պարոն նախարարին աշխարհահայեացքին մէջ, ի շահ բոլորիս:

«Խմբ.»

Այսօր, լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտարարեց, որ «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրները ժամանակաւորապէս կը հետաձգուին: Անոնք կը մեկնարկեն նախատեսուած ժամանակէն աւելի ուշ: Օրեր առաջ ան իր Ֆէյսպուքեան էջին մէջ նշած էր նաեւ, որ պիտի կասեցուի «Սփիւռք տարեգիրք»-ի հրապարակումը, ինչպէս նաեւ նախարարութիւնը պիտի ունենայ նոր նշանակ (լոկօ), այդ առիթով ան իր էջին վրայ մրցոյթ յայտարարած էր եւ յաղթողին խոստացած մէկ բաժակ թէյ ըմպել իր հետ։

Նախարարին խօսքով՝ ընթացիկ ծրագիրներուն իրականացման համար մրցոյթները արդէն իրականացուած են, հաստատուած է ամէն բան: Սակայն շատ ծառայութիւններու համար նախատեսուած են բաւական բարձր գիներ:

Նախարարին խօսքով՝ օրինակ, «Արի տուն» ծրագիրով, իւրաքանչիւր երեխայի մէկ անգամուան սնունդի համար նախատեսուած է 4000 դրամ։

Այս հարցին շուրջ, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին հերքած է այս լուրը՝ ըսելով, որ «Արի Տուն» ծրագիրով իւրաքանչիւր երեխայի մէկ անգամուան սնունդին համար տրամադրուար է ո՛չ թէ 4000 այլ 2100 դրամ: Ֆ. Զաքարեանի կարծիքով՝ տպաւորութիւն է, որ նորանշանակ նախարարին պատճառներ պէտք են նախարարութեան ծրագիրները կասեցնելու համար: Ան կը վստահեցնէ , որ անցած տարի յատկացուած գումարը եղած է 1800 դրամ ծախս, մաքուր՝ առանց աւելցուած արժէքի հարկի: «Չեմ գիտեր՝ այդ թուղթերը ինք ուրկէ վերցուցած է, լաւ կ’ըլլար, որ աղբիւրն ալ նշէր: Այդ պարագային խօսիլն ալ աւելի հեշտ կ’ըլլար»,- ըսած է Ֆ. Զաքարեան:

Անդրադառնալով «Սփիւռք տարեգիրք»-ը կասեցնելու նախարարի որոշման՝ Ֆ. Զաքարեան յայտնած է, որ տարեգիրքը հրապարակելը անհրաժեշտ է, ուրիշ բան, որ տպագրութեան այդ գումարը կարելի է խնայել: Այդ հարցը քննարկուած է եւ նախատեսուած է հրապարակել ելեկտրոնային տարբերակը:

Պարոն Զաքարեանի կարծիքով՝ լաւ կ’ըլլար, որ նորանշանակ նախարարը որեւէ յայտարարութիւն ընելէն առաջ կշռադատէր, թէ այդ ծրագիրը ինչ կու տայ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, յարաբերութիւններուն, յետոյ նոր կասեցնէր-չկասեցնէր եւ այլն: «Երբ լսեցի, որ որոշ ծրագրեր կասեցուած են… Չեմ թաքցներ՝ այդ ծրագրերը մեզի համար  զաւակներու պէս եղած են: Մենք այդ երեխաներու ծնունդին համար ուրախացած ենք, փայփայած, ջանք, ուժ ու եռանդ ներդրած ենք, ինչու ոչ՝ առողջութիւն վատնած ենք»,- ըսած է Աշխատակազմի նախկին ղեկավարը։

Նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան՝ Անդրադառնալով ծրագրերու մասնակիցներուն կողմէն արդէն գնուած տոմսերուն՝ ըսած է, որ այս որոշումները միտուած են անոր, որ անոնք այսօր քիչ մը նեղութիւն կրեն, սակայն վաղը գան ու հասկնան, որ իւրաքանչիւր դրամ ծախսուած է նպատակային:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին