ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութիւն կատարած այցի ծիրէն ներս Յունիս 4-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէյ Դանքոյի հետ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ ԱԺ նախագահը կարեւորած է Սլովաքիոյ հետ շփումներու աշխուժացումն ու խորացումը թէ՛ միջպետական եւ թէ՛ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ձեւաչափերով: ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը համոզում յայտնած է, որ համատեղ ջանքերու շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ ուրուագծել համագործակցութեան նոր ուղիներ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ փոխգործակցութեան:
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման մասին՝ ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր մարմինի կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրի ընդունման 70-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի իրականացումը Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին մէջ: «Նման միջոցառումները չափազանց կարեւոր են: Մենք հետեւողական քայլեր կը կատարենք, որոնք անհրաժեշտ են ոչ միայն մեր երկիրներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին»,- ըսած է Արա Պապլոյեան:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն: Արա Պապլոյեան ընդգծած է, որ մեր երկիրը ընտրեց խնդիրներու լուծման ժողովրդավարական ուղին:
«Մեզի համար կարեւորը պետութեան անվտանգութիւնն է, ժողովրդավարութեան ամրապնդումն ու հանրութեան բարեկեցութեան ապահովումը»,- ընդգծած է Արա Պապլոյեան:
Անտրէյ Դանքօն իր հերթին կարեւորած է բարեկամական ու քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-սլովաքեան յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնումն ու խորացումը: